Արցախ. Նախագահ Սահակեան Ընդունեց Ռուսաբնակ Հայ Բարերարներ
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ ընդունեց ռուսաբնակ խումբ մը հայ բարերարներ` Վլատիմիր Աւագեանի գլխաւորութեամբ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Ղարաբաղի մէջ տարբեր ծրագիրներու իրականացման վերաբերեալ հարցեր:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Բակօ Սահակեան երախտագիտութիւն յայտնած է բարերարներուն, կարեւոր նկատած է ընկերային, ենթակառոյցներու եւ առողջապահութեան մարզերուն մէջ անոնց կողմէ ֆինանսաւորուող շարք մը ծրագիրներ Ղարաբաղի համար:
Հանդիպումին մասնակցեցաւ Ղարաբաղի Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան:
CATEGORIES Հայկական

