Ամերիկայի Հայ Դատի Ներկայացուցիչները Հանդիպում Պիտի Ունենան Ճէյմս Ուորլիքի Հետ

Ճէյմս Ուորլիք
Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակի արեւմտեան բաժինի ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցան ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիքի հետ` Լեռնային Ղարաբաղի ապագային առնչութեամբ իրենց տեսակէտներն ու ակնկալիքները փոխանակելու համար:
Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ասպարէզ» օրաթերթը:
Դեսպանին հետ հանդիպման ընթացքին հայ-ամերիկեան կազմակերպութեան ղեկավարները քանի մը կարեւոր հարցեր բարձրացուցին եւ ներկայացուցին հայ համայնքի միաձայն դիրքորոշումը, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հարցի արդարացի լուծումը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան միջազգային լիարժէք ճանաչումն է: Խնդիրին ընդգրկուն եւ արդարացի լուծման հասնելու գծով Հայ դատի ներկայացուցիչները կարեւոր նկատեցին Արցախի մասնակցութիւնը բանակցութիւններուն:
Քննարկուեցաւ Պաքուի կողմէ յարձակողական հռետորաբանութեան հարցը, ինչպէս նաեւ այն փաստը, որ Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն լռել` թոյլ տալով Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն սպառնալիքներ հնչեցնել Արցախի եւ Հայաստանի հասցէին:
Շեշտուեցաւ, որ Միացեալ Նահանգներ պարտաւոր են բարոյական յստակութեամբ խօսիլ հարցին վերաբերեալ եւ Ազրպէյճանի բացայայտ նախայարձակումի հարցին մէջ չէզոք դիրքորոշում ընդունելու փոխարէն աջակցիլ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքին:
Դեսպան Ուորլիք իր աջակցութիւնը յայտնեց Մինսքի խմբակի` «Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի ազնիւ միջնորդ»-ի հովանիին տակ ընթացող բանակցութիւններուն եւ խոստացաւ գտնել շրջանի խաղաղութեան եւ բարգաւաճման հաստատման հարցին համապարփակ լուծումը:
Ամերիկայի Հայ դատի արեւմտեան բաժինի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումէն ետք, դեսպանը այլ երիտասարդական կազմակերպութիւններու, որոնց շարքին նաեւ` Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան արեւմտեան բաժինի եւ ՀՅԴ «Շանթ» ուսանողական միութեան ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումի մեկնեցաւ:
Այնուհետեւ, Ուորլիք ընդունելութիւն կազմակերպած էր Հայկական մշակութային հիմնադրամի գլխաւոր գրասենեակին մէջ:
Ճէյմս Ուորլիք այցելեց նաեւ Ռոզա եւ Ալեքսա Փիլիպոսներու անունով հայկական դպրոցը, ուր հիւրընկալուեցաւ 4-րդ եւ 6-րդ դասարանի աշակերտներուն կողմէ, ապա 8-րդ, 10-րդ եւ 12-րդ դասարանի աշակերտներուն մասնակցութեամբ ընդհանուր հաւաքին մասնակցեցաւ:
Հանդիպումներու շարքը աւարտեցաւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ամերիկայի Արեւմտեան թեմ այցելութեամբ: Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի հետ զրոյցին ընթացքին քննարկուեցան մշակութային ժառանգութեան պահպանման եւ եկեղեցիներու ու գերեզմանոցներու աւերման վերաբերեալ հարցեր:

