Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Դաշնակցութիւն Խմբակցութիւնը Հանդիպում Ունեցաւ Նախագահ Բակօ Սահակեանի Հետ

020514Dashnakcutyun2 մայիսին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ Ազգային ժողովի Դաշնակցութիւն խմբակցութեան միջեւ:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի Դաշնակցութիւն խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Սարգսեան յայտնեց, որ այսպիսի հանդիպումներ կարեւոր են այն առումով, որ երկրին նախագահը պատկերացում կը կազմէ տարբեր հարցերու վերաբերեալ կուսակցութիւններու տեսակէտներու եւ մտահոգութիւններու մասին: Հանդիպումներուն պարբերականութիւնը առիթ կը հանդիսանայ արծարծուող հարցերն ու խնդիրները ոչ միայն քննարկելու, այլ նաեւ անոնց լուծման եղանակներ առաջարկելու, եւ ստուգելու կատարուած աշխատանքներուն արդիւնաւէտութիւնը:

Արմէն Սարգսեան նշեց, որ ՀՅԴ խմբակցութիւնը բազմաթիւ հանդիպումներ կ՛ունենայ տարբեր համայնքներու հետ (90-էն աւելի), եւ մանրամասն կը տիրապետէ ժողովուրդը մտահոգող խնդիրներուն, որոնք ներկայացուեցան նախագահին:

«Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկրի արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան առնչուող շարք մը կարեւորագոյն հարցեր, կարեւոր նկատուեցան իշխանութիւններուն կողմէ տարուող աշխատանքները` մասնաւորաբար վերաբնակեցման քաղաքականութիւնը, գիւղապետերու վերապատրաստման հոլովոյթը, արտաքին քաղաքականութեան մէջ իշխանութիւններուն կողմէ կատարուած արմատական փոփոխութիւնը, որուն իբրեւ արդիւնք իշխանութիւնները ձեռնամուխ եղան սկսելու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ճանաչման հոլովոյթը` օգտագործելով ամբողջ սփիւռքի, յատկապէս ՀՅԴ Հայ դատի գրասենեակներու ներուժը», ըսաւ Արմէն Սարգսեան:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան կառավարման համակարգի, անձնակազմի ընտրութեան վերաբերեալ հարցեր, ուր կառավարման համակարգին մէջ խմբակցութեան կողմէ շեշտուեցաւ նոր մտածելակերպ ունեցող ուժերու  ներգրաւուածութեան անհրաժեշտութիւնը:

Ըստ  խմբակցութեան ղեկավարին, անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ ընտրական օրէնսգիրքի փոփոխութիւններուն: Խմբակցութեան կողմէ կարեւոր նկատուեցաւ 100 տոկոս համամասնական ընտրակարգին, ինչպէս նաեւ խորհրդարանական համակարգին անցնելու հարցերը:

Միտքեր փոխանակուեցան համալսարանական համակարգի կատարելագործման անհրաժեշտութեան շուրջ:

Երկու կողմերը յատուկ կարեւորութիւն տուին լրատուամիջոցներով եւ իշխանութիւն-ժողովուրդ ուղղակի շփումներու իբրեւ արդիւնք ազգաբնակչութիւնը երկրին մէջ առկայ խնդիրներուն տեղեակ պահելու հարցին:

Միաժամանակ անկաշկանդ մթնոլորտի մէջ քննարկումներու նիւթ դարձան այնպիսի հարցեր, որոնք, ըստ էութեան, խոչընդոտ կը հանդիսանան Արցախի լիարիւն կենսագործունէութեան: Կայուն եւ աշխուժ ձեւով զարգացող կառավարման համակարգ ունենալու համար կարեւոր նկատուեցաւ երկրին քաղաքական ուժերուն պատասխանատուութիւն ստանձնելուն հարցը:

Նախագահին առաջարկով նմանատիպ հանդիպումներ տեղի պիտի ունենան երեք ամիս անգամ մը:

 

Share this Article
CATEGORIES