Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանատունը Կը Հակադարձէ Ազիմովի Յայտարարութեան

0505James-Warlikc_azimovՄիացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը չի կիսեր Ազրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար Արազ Ազիմովի յայտնած գնահատականը եւ կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ ղարաբաղեան տագնապի լուծման ուղղութեամբ իր ստանձնած յանձնառութիւններուն: Միաժամանակ, Միացեալ Նահանգներ կոչ կ՛ուղղեն երկու կողմերուն ձեռնարկելու տագնապի խաղաղ լուծման քայլերու:

Ազիմովի յայտարարութեան վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան այս դիրքորոշումը «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի հարցումին ի պատասխան երէկ ներկայացուց Երեւանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը:

 

Share this Article
CATEGORIES