Մոնթեպելլոյի Յուշարձանին Մօտ Լոսանճելըսահայութիւնը . Վերանորոգեց Պահանջատիրական Պայքարի Իր Յանձնառութիւնը
Հինգշաբթի, 24 ապրիլին, Հայոց ցեղասպանութեան Լոս Անճելըսի միացեալ մարմինի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ տարեկան աւանդական յուշահաւաքը` Մոնթեպելլոյի մէջ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին կանգնեցուած յուշարձանի մօտ:
Յուշահաւաքին ներկայ էին ամերիկացի եւ հայ պաշտօնատարներ, հոգեւոր առաջնորդներ, ազգային կառոյցներու ղեկավարներ, Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսը եւ ժողովրդային հոծ բազմութիւն մը:
Հաւաքի յայտագրէն առաջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` նահատակներու յիշատակին:
Հաւաքի ընթացքին գլխաւոր բանախօսներու շարքին էին քոնկրեսական Ատամ Շիֆ, Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսեթի (քաղաքապետը իր ելոյթը աւարտեց «Պայքար, պայքար, մինչեւ վերջ» լոզունգով, զոր արտասանեց հայերէն), Նորթրիճ համալսարանի հայկական ամպիոնի ղեկավար փրոֆ. Վահրամ Շեմմասեան, յայտնի մտաւորական Մարի Ռոզ Ապուսեֆեան (փոխանցեց միացեալ մարմինին պատգամը), Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Սերգէյ Սարգիսով:
Խմբավար Միքայէլ Աւետիսեանի ղեկավարութեամբ հաւաքի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ իրանահայ-իրաքահայ միացեալ երգչախումբը:

