Համազգայինի «Գայեանէ» Պարարուեստի Դպրոցի Աշակերտներու Տարեկան Ելոյթ` Նոր Պարեր, Նոր Տարազներ
Ուրբաթ 9, շաբաթ 10 (երեկոյեան ժամը 8:00-ին) եւ կիրակի 11 մայիսին (կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին) Համազգայինի «Գայեանէ» պարարուեստի դպրոցի 230 աշակերտներ պիտի զարդարեն «Յովհաննէս Պօղոսեան» հանդիսասրահի բեմը` իրենց յատուկ արուեստի շողերը փոխանցելով հանդիսատեսներուն:
Շահէ Արա Երեւանեանի նախագահութեամբ եւ պարուսոյց ու գեղարուեստական պատասխանատու Պետրոս եւ Անահիտ Կարապետեաններու ջանքերով ու ցուցմունքներով արդիւնաւորուած այս ելոյթներուն ընդմէջէն աշակերտները պիտի գան իրենց սորվածն ու ընկալածը ներկայացնելու հանրութեան. անոնց մէկ մասը արդէն իսկ որոշ պարերով իրենց մասնակցութիւնը բերաւ մայիսի առաջին օրերուն «Քնար» պարախումբի ներկայացուցած «Անուշ» պարային թատերական բեմականացման` «Սարի ճամբով», «Մենք ենք» եւ «Վարդագոյն աղջիկներ» խորագիրը կրող պարերով:
Պետրոս եւ Անահիտ Կարապետեանները, որոնք Երեւանի պարարուեստի պետական քոլեճի շրջանաւարտներ են, մեծ փորձառութիւն ունին այս բնագաւառին մէջ` զանազան երկիրներու մէջ ղեկավարելով պատանեկան պարախումբեր: Անոնք նախորդ տարի եւս աշխատեցան «Գայեանէ»-ին հետ ու լիբանանահայութեան ներկայացուցին պարարուեստի բնագաւառին մէջ նորափթիթ, սակայն ապագայ խոստացող աշակերտներուն պարային հմտութիւնները:
Այս տարի եւս անոնք ստանձնած են պատասխանատուութիւնը «Գայեանէ»-ի աշակերտներուն ձիրքերը յայտնաբերելու, անոնց պարային ու բեմական արուեստին առնչելու, յատուկ նրբութիւններու, օրէնքներու եւ հմտութիւններու ծանօթացնելու աշխատանքը, որուն արգասիքին ականատես պիտի ըլլան ծնողները, բարեկամներն ու արուեստասէրները յառաջիկայ օրերուն:
Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային եւ «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» կեդրոններուն մէջ տեղի ունեցող փորձերուն եւ ընդհանրապէս տարուած աշխատանքին մասին խօսելով` Պետրոս եւ Անահիտ Կարապետեանները նշեցին, որ այս տարուան վերամուտէն իսկ մեծ խանդավառութիւն կը տիրէր արդէն, աշակերտները նախապատրաստուած էին կարելի եղածին չափ կատարեալ ձեւով ներկայանալու հանրութեան: Ըստ անոնց, տարուած աշխատանքին դժուար ըլլալը կը մոռցուի, երբ կը բացայայտուի այդ հետեւողական, հեւքոտ հետապնդումներուն արգասիքը, երբ մանուկներուն եւ պատանիներուն մէջ կ՛երեւին արուեստի նշոյլները, կը բացայայտուին պարարուեստի ճամբով անոնց մէջ կատարուած դրական փոփոխութիւնները, որոնք կը դրսեւորուին ոչ միայն արտաքնապէս, այլ նաեւ ներքուստ իբրեւ նկարագիր, կեցուածք, կրթութիւն, զսպուածութիւն, օրէնքները յարգելու պարտաճանաչութիւն: Անոնք շեղեցին, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի, որպէսզի աշակերտները բեմին վրայ իրենք զիրենք իսկական արուեստագէտներ զգան եւ գիտակցին, որ հանրութեան դիմաց ունին պարտաւորութիւններ, պարը հարկ եղած ձեւով ու գեղեցկութեամբ ներկայացնելու իմաստով պարտականութիւններ: Պարուսոյցն ու գեղարուեստական պատասխանատուն հաստատեցին, որ 230 պարողները պիտի ներկայացնեն մեծ մասը հայկական տարբեր ոճի պարեր (ազգագրական, հայրենասիրական, բեմադրական ժողովրդական եւ այլ), նաեւ քանի մը օտար պարեր, իսկ ամէնէն փոքրերը պիտի ներկայանան պարզ ու թեթեւ պարերով:
Ըստ անոնց, 22-23 պարերուն ընթացքին աշակերտները պիտի կրեն նոր տարազներ, որոնց ձեւաւորումը կատարուած է իրենց կողմէ. Կարապետեանները շեշտը դրին տարազներուն իմաստով եւս բերուած փոփոխութեան անհրաժեշտութեան վրայ, որովհետեւ անոնք եւս արուեստի մատուցման մաս կը կազմեն, այլազանութիւն եւ բեմական գեղեցկութիւն կը բերեն:
Զրոյցին ընթացքին Պետրոս եւ Անահիտ Կարապետեան ամոլը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, պարախումբի խնամակալութեան, Գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէնութեան, ծնողներուն, որոնց հետ գործակցաբար եւ անոնց նեցուկով կարելի եղաւ աշխատանքը իր լրումին հասցնել:
Սերմերը ցանուած են արդէն, հարկ եղած աշխատանքը տարուած է, կը մնայ, որ երեք օրերու ընթացքին բերքը քաղուի եւ արդիւնքը ցոլայ «Յ. Պօղոսեան» բեմէն:

