Տեղահանութենէն Քառասուն Օրեր Յետոյ… Քեսապ

ԿԱՐՕ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Այսօր, Ս. Զատիկէն երկու շաբաթ ետք, 40 օրեր  կ՛ընեն, որ քեսապահայութիւնը տեղահանուած է իր տուներէն եւ ապաստանած` Լաթաքիա եւ այլուր:

Քառասունքի հաշուեյարդար:

Տարիներէ ի վեր սերունդներու աշխատանքը, իր նիւթական եւ հոգեւոր հարստութիւնը թողուց   թուրքին, դաւով արշաւած հազարաւոր հորդաներու եւ թրքական թնդանօթներու հարուածներուն  դիմաց անզօր` քեսապահայութիւնը լքեց իր պապենական հողը եւ քալեց դէպի հարաւ:

Ի՞նչ էր անոր կորուստը:

1915-ին անգամ մը եւս նահատակուած եւ քանի  մը տարի ետք վերստին յարութիւն առած քեսապցին անդուլ աշխատանքով, բնութեան եւ կեանքին դէմ պայքարելով` վերստին շինած էր իր գիւղը: Անցնելով Բ. Համաշխարհային պատերազմի արհաւիրքներէն, շատ համեստ ու ժուժկալ կեանք մը վարելով` ան կրցած էր վրայ-վրայի գումարել համեստ հարստութիւն մը: Դրամ չէր անոր հարստութիւնը, այլ` իր մշակած պարտէզները: Տասնեակ տարիներ աշխատելով`  հասցուցած էր պտղատու ծառեր եւ հազիւ թէ անոնց բերքը քաղած, եւ տասնեակ տարիներու բերքի աւելցուքներէն հաւաքած խեղճ գումարներով` վերակառուցած էր իր բնակարանը:

Տասնեակ տարիներ աշխատած էր, որ բարեզարդէ եւ պայծառացնէ Աստուծոյ տունը: Ի՞նչ զրկանքներով կրցած էր փշրանքներ հաւաքել, պոկելով փշրանքները իր զաւակներուն բերանէն, տալու համար իր եկեղեցւոյ բարեզարդումին, այնտեղ ուր ինք փառք պիտի տար Հայ Աստուծոյն, որ իրեն պարգեւած էր այն,   ինչ որ փափաքած էր:

Տասնեակ տարիներ տքնաջան աշխատած էր, որ իր որդին կարենայ ուսանիլ կամ բարձր ուսման հասնիլ: Անշուշտ, որ իր ճակտի քրտինքով կրցած էր օգնել, որ ընդարձակուի, բարեզարդուի գիւղին ծխական վարժարանը: Յաջողած էր հեռուն, պանդխտութեան մէջ գտնուող եղբայրներուն  օժանդակութեամբ ունենալ իր միջնակարգ եւ երկրորդական  վարժարանը, ապա նաեւ  վերակառուցած ու պայծառացուցած էր  եկեղեցիները:

Տասնեակ տարիներու զրկանքով հազիւ կրցած էր մեքենայացնել իր գիւղատնտեսութիւնը` շաղախելով գիտութեան բարիքները իր քրտինքին, կրկնապատկելու համար իր բերքը, եկամուտը. յաջողած էր  ոտնատեղ մը ունենալ զբօսաշրջութեան մարզին մէջ, վարձու տալու  նպատակով` յարմարաւէտ տնակ մը շինելով:

Եւ վերջապէս, բազմատասնեակ տարիներ պայքարելով` յաջողած էր Քեսապին տալ գեղեցիկ տեսք, փայլուն անուն, ջինջ մթնոլորտ` աշխարհին պարտադրելով սէր ու յարգանք:

Յաջողած էր բարձրացնել 1500 փոքր ու մեծ տուն ու տնակ, ուր սուրիացին բարձրացուցած էր մօտ 25 հազար առանձնատուն ու յարկաբաժին, որոնց բարոյական իմաստը շատ գերիվեր է անոր նիւթական արժէքէն, որոնք գիւղին տուած էին լայնագիծ, հիւրընկալ դիմագիծ, սիրոյ օրրան, որպէս սուրիական ամբողջական հայրենիքի մանրանկար:

Եւ յանկարծ կը սկսէր ներքին պատերազմը: Կը սկսէր սուրիական հայրենիքի տրորումը, աշխարհի գերտէրութիւններու բարբարոսական, հեթանոսական բագինի վրայ: Քաղաքներ, աւաններ փուլ կու գային. ե՛ւ գաղթականութիւն,  ե՛ւ տարագրութիւն…

Եւ Քեսապը որպէս մէկ մասնիկը Սուրիոյ հրակէզ անապատին` կը նմանէր ովասիսի մը, ուր իրենց ապաւէնը կը գտնէին ոչ միայն սուրիահայ, այլեւ սուրիացի աւելի քան 500 ընտանիքներ, որոնք ցրտաշունչ Քեսապի տաքուկ գիրկին մէջ կը պատսպարուէին` փախչելով այլ քաղաքներու կործանումէն ու ստոյգ մահէն եւ երբեք չէին կարծեր, թէ թուրքին դաւը կամ աւարի  եւ արեան ծարաւը զիրենք պիտի հալածէր ու քշէր Քեսապէն:

Այդ դաւէն մազապուրծ ազատած` քեսապահայութիւնը տուած է նահատակներ թուով չորս, որոնցմէ մէկը` 22-ամեայ հայորդի մը. այժմ յառաջացած տարիքի եօթը հայրենակիցներ այնտեղ մնացած են: Նուազագոյն վնասով Լաթաքիա հասած ժողովուրդին մեծ մասը բաժնուած է հարազատներու, բարեկամներու մօտ. փոքր մաս մը (60 ընտանիք) մեկնած Լիբանան (Պէյրութ եւ Այնճար), մօտ  130 հոգի չունենալով  ապաստանելու որեւէ հնարաւորութիւն` օթեւան գտած են Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ, եւ որոնց ամէն օր կը տրուի բաւարար սնունդ:

Պատմութիւնը ինքզինք կրկնած է տարիներ ետք, երբ Ատանայի կոտորածին քեսապահայութիւնը դարձեալ ապաստանած էր նո՛յն քաղաքի նո՛յն եկեղեցին` ստանալով նոյն ջերմ խնամքը քաղաքի բնակիչներէն, երբ օսմանեան թուրքերը հրկիզած էին Քեսապը:

Այժմ ինչպէ՞ս գնահատանք տալ անցնող մէկ ամսուան տարագրեալ կեանքին:

Քեսապահայութիւնը հազիւ Լաթաքիա ոտք կոխած` անոր օգնութեան հասան Լաթաքիոյ ազգային կառոյցները (Թաղական խորհուրդ, Շտապ օգնութեան մարմին, պատկան մարմին, ՍՕ Խաչի եւ ՀԲԸՄ-ի մասնաճիւղեր…), ինչպէս նաեւ` Սուրիոյ ընկերային հարցերու նախարարութեան, Սուրիական կարմիր մահիկի, Միջազգային կարմիր խաչի եւ Յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ խնամատարական խումբերը, համապատասխան օժանդակութիւններով (կենցաղային, բնակեցման, բժշկական եւ այլն), որոնց բաժանումը երկու ծաւալով տեւեց մօտ 6 օր, նախ` որպէս շտապ օգնութիւն, ապա` մէկ ամսուան պարէն ու պաշար:

Իրերայաջորդ կերպով օժանդակութեան հասան յոյն կաթողիկէ, յոյն մարոնի, աւետարանական Մկրտչական, աւետարանական  Նազովրեցի եկեղեցիները, Լիբանանի եւ Սուրիոյ աւետարանական եկեղեցիներու միութիւնը`  սննդամթերքի եւ պարէնի սնտուկներով: Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի ծովափի (Քեսապի եւ Լաթաքիոյ միացեալ) գործադիր մարմինի ճամբով ժողովուրդին հասան զանազան մեծ ու փոքր սնունդի նպաստներ, Սուրիոյ եւ Լաթաքիոյ ժողովուրդի բոլոր խաւերէն անխտիր:

Վերոյիշեալ կենցաղային նպաստները ժողովուրդին բաժնուելով` անոր ընծայած են սնունդի ապահովութեան գրաւական եւ երաշխիք` կարճ ժամանակուան մը համար, որ կը նպաստէ  անոր հոգեկան վիճակի մեղմացման:

Ասոր զուգահեռ, կը շարունակուի եկեղեցւոյ սրահին մէջ ապաստանած ժողովուրդին սննդարար ճաշի մատուցումը:

Նիւթական նպաստ հասած եւ յատկացուած է ժողովուրդին (հազիւ մէկ ամսուան բաւարար).

Ա) Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանէն  նիւթական յատկացում` որպէս անմիջական գրպանի ծախս:

Բ) ՍՇՕՎ ծովափի գործադիր մարմինէն:

Գ) Սուրիոյ Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութենէն:

Դ) Լոս Անճելըսի քեսապցիներու ուսումնասիրաց միութենէն:

Ե) «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութենէն:

Զ) Ֆրանսահայ «Երկիր եւ մշակոյթ» միութենէն:

Նիւթական նպաստներ հասած են եւ իր ատենին գործածելի ՍՇՕՎ ծովափի գործադիր մարմինին մօտ եւ կամ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի դրամատան քեսապցիներու յատուկ հաշիւին մէջ պահ դրուած են ստորեւ յիշուած կողմերէն`

– ՀՅԴ Լիբանանի Կեդր. կոմիտէէն:

– Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու քեսապցիներէն:

– Քաթարի Ազգային վարչութենէն:

– Լոս Անճելըսի Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան մարմինէն:

– «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամէն:

Նաեւ` փոքր եւ անհատական զանազան նիւթական նպաստներ:

Վերոյիշեալ թուարկումէն ետք հարց կը ծագի բնականաբար, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ նախ քեսապահայութեան ճակատագիրը: Ի՞նչ են անոր ձգտումները: Ինչպէ՞ս եւ ո՞ւր պիտի վերապրին: Իրեն համար հանգանակուած եւ հանգանակելի կամ խոստացուած գումարները ինչպէ՞ս պիտի գործածուին, ինչպէ՞ս պիտի վերականգնեն զայն եւ վերապրեցնեն… եւ այլն:

Անպայման որ շատ են հարցերը: Պիտի փորձենք միամսեայ այս հանգրուանին հնարաւոր չափով պատասխանել վերոյիշեալ եւ այլ հարցադրումներու:

Այսօր Լաթաքիա թէ այլուր հաստատուած քեսապահայութիւնը, անխտիր, մեծով պզտիկով, մէկ ու միայն մէկ տենչ եւ երազ ունի` անպայման Քեսապ վերադառնալ, եթէ ապահովական եւ այլ պայմանները (որոնք քեսապցիներէն կախեալ չեն) թոյլ տան, ամենամօտիկ ապագային:

Վերոյիշեալը, բնազդաբար որդեգրուած, մտքերուն, սրտերուն եւ հոգիներուն մէջ արմատացած` քեսապցիին տրամաբանական եւ իրապաշտ դիրքորոշումն է:

Կիլիկիոյ պատմական թագաւորութենէն մնացած այս փոքրիկ եւ վերջին պատառիկը` Քեսապը, իր մէջ կը խտացնէ Կիլիկիոյ թագաւորութեան եւ կաթողիկոսութեան փառքին, նիւթեղէն, ոգեղէն, մշակութային, պատմական եւ բարոյական հարստութիւնը: Իսկ Քեսապ վերադառնալու համոզումը քեսապահայութեան ամենաբնական դրսեւորումն է` իր ազգային գիտակցական թէ անգիտակցական բնազդին:

Հայ ազգին պատկանելիութեան արտայայտութիւնն է, իր պատմական հողին վրայ, իր կեանքը շարունակելու տենչը` որպէս ազգային հաւաքականութիւն, որ ունէր ազգային անսպառ հարստութիւն եւ հեռանկար ու տեսիլք:

Այնտեղ իր գոյատեւելը ինքնանպատակ չէ: Ան որպէս սուրիացի քաղաքացի, որպէս հայ` իր բարոյական եւ օրինական իրաւունքն է, բայց մանաւանդ որպէս լիիրաւ քաղաքացի` հողին, հայրենի եւ պապենական հայրենիքի կառչած մնալու պարտաւորութիւնն է: Այնտեղ, ուր կուտակած է իր ամբողջ «էութիւնը»: Արդէն կառչելու այդ կամքը յաղթանակ է զինք արմատախիլ ընելու վերջին փորձը կատարած թուրքին դէմ: Նոյն այդ թուրքին, որ յանուն իր հայաջինջ ազգային ուխտին եւ համաթուրանական ծրագիրներուն` անգամ մը եւս տրորեց քեսապահայութեան օրրանը:

Վերադարձէն տարբեր ճակատագրի չի հաւատար ու դաւանիր  այսօրուան վտարանդի քեսապցին:

Սակայն ինչպէ՞ս վերադառնալ:

Կը յուսանք, որ չ՛ուշանար այդ սրբազան պահն ու ժամը: Կասկած չունինք, որ պիտի գայ ան: Սակայն դժուարութիւնը կը կայանայ մինչեւ իր կործանած ու փոշիացած տնտեսութիւնը վերականգնելու պահը՝ գոյատեւելու եւ ապրելու հնարաւորութեան մէջ:

Քաջատեղեակ ենք, թէ Քեսապը աւարի տրուած է: Տուները, գործատեղիները, ենթակառոյցները, դպրոցները, եկեղեցիները եւ ամէն տեսակի եկամտաբեր տնտեսական հաստատութիւնները փոշիացած եւ կողոպտուած են: Կը յուսանք, որ թէժ մարտերու միջոցով  չէ, որ կ՛իրագործուի  ազատագրումը Քեսապի, որպէսզի խնայուի շէնքերուն քանդումը: Քանի մը ամսուան բացակայութիւնը պարտէզները  խոպանի եւ անտառի կը վերածեն` գիւղացին զրկելով բերքահաւաքի զանազան հանգրուաններէն (բանջարեղէն եւ մերթ ընդ մերթ հասնող պտղատեսակներ): Իսկ եթէ բախտի բերմամբ բերքերէն փշրանքներ մնացած ըլլան, անոնք զանազան վարակներու եւ անխնամութեան պատճառով անօգուտ եւ անարժէք պիտի ըլլան գիւղացիին:

Այսինքն քեսապցին այժմէն արդէն զրկուած է իր գիւղատնտեսական բերքէն, եկամուտէն. գոնէ մէկ տարուան իր ապրուստի ամէն հնարաւորութիւններէն: Ուրեմն մէկ տարուան եւ աւելի  կենսական դժուարութիւնները Կասիոս լերան բարձրութեան չափ ցցուած պիտի ըլլան իր դիմաց:

Քեսապցիին գիւղատնտեսութիւնը  վերականգնելը ժամանակի կը կարօտի:

Կողոպտուած են իր քարշակը, դեղեր սրսկելու սարքերը, հողը ճանկռտող փոքր քարշակը (թրաքթէօր), ջրմուղ սարքերը, գիւղատնտեսական վարակներուն դէմ պայքարելու անհրաժեշտ դեղորայքը  եւ այլն…

Վերականգնուելու կարօտ են արհեստանոցները, ատաղձագործարան, ալիւմինիոմէ կահ-կարասիի արհեստանոց, դարբնոց, մեքենաներու եւ քարշակներու  նորոգման արհեստանոցներ…

Վերականգնման կարօտ են ազգային, կրօնական իր կառոյցները, ակումբները,  ժողովրդային սառնարանը, պանդոկներն ու ճաշարանները, կազդուրման կայանները, բանակավայրերը…

Եւ ուրիշ շա՜տ ու շատ բաներ, որոնք երեւան պիտի գան, երբ  ան վեր բարձրանայ:

Բայց ամենակարեւոր եւ սրտաճմլիկ ու փշոտ հարցը մինչեւ վերականգնում ինչպէս ապրելու  եւ գոյատեւելու մղձաւանջն է:

Վերը թուեցինք արդէն, որ շտապ օգնութեան, համայն հայութեան նպաստներուն մէկ կարեւոր մասը հասած է Լաթաքիա` ՍՇՕՎ Քեսապի գործադիր մարմինին եւ ժողովուրդին: Մէկ այլ մասը Անթիլիաս` կաթողիկոսարանի քեսապահայութեան համար յատուկ դրամատան հաշիւին մէջ, մէկ միւս մասն ալ զանազան գաղութներէն շուտով կը հասնին առ որ անկ է: Բայց ասոնք հազիւ թէ երկու-երեք ամսուան բաւարար ըլլան: Մէկ տարի ապրելու գոյապայքարը ցցուած է քեսապցիին առջեւ:

Քեսապահայութիւնը ինքնավստահ է, որ առանձինը չէ վերաբնակեցման իր պայքարին մէջ: Երախտապարտ է իր հեռաբնակ բոլոր հայ եղբայրներուն: Երախտապարտ է նաեւ սուրիական կառավարութեան ցարդ առած եւ առնելիք քայլերուն: Անշուշտ նաեւ պարտի երախտապարտ ըլլալ այն հեռակայ  պետութիւններուն, որոնք անկախ Սուրիան վերականգնելու ծրագիրներէն` այժմէն կը լսենք արդէն, որ Քեսապի վերականգնման գծով նախաքայլերու ձեռնարկած են:

Այս ամէնը միայն յուսադրիչ եւ ամրապնդիչ դրսեւորումներ են, որոնք անպայման կարելի է իրագործել` ուժերը ի մի բերելով:

Այսօրուան տուեալներով, քեսապահայութիւնը ի վիճակի է նախ մշակելու իր գիւղին մէջ մէկ տարուան կենսական գոյատեւման եւ ապրուստի որեւէ ծրագիր, նոյնպէս ատակ է ծրագրելու տնտեսութեան վերականգնումի ծրագիր` մեկնելով  աղէտին իսկական տուեալներէն:

Քեսապցին ատակ է գործադրելու այդպիսի որեւէ ծրագիր: Ատակ է համադրուած եւ հետեւողական ճիգերով ոչ միայն մէկ տարի քաշքշելու իր գոյութիւնը, այլեւ` վերականգնելու իր գիւղատնտեսութիւնը, խանութներն ու արհեստանոցները, ենթակառոյցները եւ ազգային թէ կրօնական իր հաստատութիւնները:

Հետեւողականօրէն իրեն հասնելիք նպաստները հաւաքական ճիգերով ան ի վիճակի է արդարօրէն, հաւասարապէս համադրելու, իր տէրերուն հասցնելու եւ զայն յոյսի, կեանքի եւ լոյսի վերածելու:

Սակայն աշխարհի չորս ծագերուն գտնուող մարդասիրական, օժանդակութեան եւ մանաւանդ իր տնտեսութեան վերականգնման նպաստող  կողմերու իր հասողութիւնը իր կարողութենէն վեր է:

Արեւմտեան աշխարհին` Քեսապին նպաստելու նպաստները ի մի բերելու, պահպանելու եւ վերականգնումի օժանդակելու կողմերը  (տնտեսութեան թէ բնակարաններու) ի մի բերելը համահայկական կեդրոնացեալ եւ համադրեալ ճիգ կը պահանջէ:

Սուրիական մեր հայրենիքի տնտեսական շրջափակումը  (Հայաստան հայրենիքին նման), մեզ զրկած է նաեւ արեւմտեան աշխարհին մերձենալու, գործակցելու եւ անոնց նպաստներէն ուղղակիօրէն օգտուելու հնարաւորութիւններէն:

Սակայն, երբ ասպարէզի վրայ փայլուն արեւի նման պսպղայ համահայկական կողմ մը, կառոյց մը` փոքրանկարը «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին, եւ անուանակոչուի, օրինակ, «Քեսապի համահայկական հիմնադրամ» կամ որեւէ մէկ այլ անուանում, որուն առաքելութիւնը ըլլայ գիւղին ամբողջական վերականգնման ֆինանսաւորումը կատարել, այդ ատեն է, որ Քեսապն ու քեսապցին վերականգնելը կը դադրի փափաք ու ցնորք ըլլալէ եւ կը դառնայ իրականութիւն:

Հայաստանի եւ Արցախի հարիւրաւոր գիւղերը վերականգնելու, անոնց տնտեսութեան նպաստելու փաստը տուաւ հայութիւնը (անցնող տարիներուն) եւ հոն յաջողութիւն արձանագրեց:

Քեսապը 500-600 տուն կամ ընտանիք հաշուող մէկ շրջան է, մէկ գիւղ, իր  տասնեակ մը գիւղակներով:

Քեսապը իր նախկին վիճակով տեսնելը ոչ միայն քեսապցիին, այլ ամբողջ հայութեան փափաքն է, գերխնդիրն է: Եւ հայկական գերխնդիրները կը լուծուին համահայկական ճիգերով եւ ուժերու մէկտեղումով:

Երբ սակայն միշտ ու միշտ չմոռնանք, կրկնելու գնով, որ քեսապցին երբ տուն վերադառնայ, ան նուազագոյնը մէկ տարի (եթէ ոչ` երկու) զրկուած պիտի ըլլայ որեւէ եկամտաբեր աղբիւրէ եւ իր գոյութիւնը կախեալ պիտի ըլլայ ֆինանսական օժանդակութիւններէն (անկախ տնտեսութեան կամ բնակարանային վերակառուցման օժանդակութիւններէն):

Քեսապը չի նմանիր սփիւռքահայ որեւէ քաղաքի: Քեսապը սփիւռք չէ:

Քեսապը սուրիական-կիլիկեան Հայաստան է:

 

 

Share this Article
CATEGORIES