«Եուրոփա Լիկ». Աւարտական Մրցումը Վստահուեցաւ Գերմանացիներուն
«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն իր պաշտօնական կայքին ընդմէջէն յայտարարեց, որ 14 մայիսին Թորինոյի մէջ (Իտալիա) տեղի ունենալիք «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտականի մրցումին, որ իրարու դէմ պիտի հանէ Սեւիլլան եւ Պենֆիքան, մրցումին իրաւարարները պիտի ըլլան գերմանացիներ:
Օրուան գլխաւոր եւ կեդրոնի իրաւարարը պիտի ըլլայ 38 տարեկան Ֆելիքս Պրիչ, իր կողմի իրաւարարները` Մարք Պորշ եւ Շթեֆըն Լիւփ:
Իսկ բերդապահներուն մօտ գտնուող իրաւարարները պիտի ըլլան Թոպիաս Վելց եւ Պասթիան Տանքերթ:
CATEGORIES Մարզական

