«Վրաստանի Եւ Ազրպէյճանի Տարածքային Ամբողջականութիւնը Չափազանց Կարեւոր Է» Կ՛ըսէ Կիւլ

Ալիեւ, Մարկվելաշվիլի եւ Կիւլ

Ալիեւ, Մարկվելաշվիլի եւ Կիւլ

«Կրուզիա Օնլայն» կը գրէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հետ տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է, որ ցանկալի պիտի ըլլար, որ այս անկեղծ համագործակցութիւնը օրինակ դառնար այլ երկիրներու համար:

Ըստ Կիւլի, շրջանին մէջ միջազգային համընդհանուր արժէքներու վրայ հիմնուած խաղաղութիւն եւ կայունութիւն պահպանելը շատ կարեւոր է:

«Այդ առնչութեամբ մեր մօտեցումը նոյնն է: Ազրպէյճանի եւ Վրաստանի անկախութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը չափազանց կարեւոր են, եւ մենք բազմիցս աջակցութիւն ցուցաբերած ենք այդ սկզբունքներուն», ըսած է ան եւ աւելցուցած, որ շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող տագնապները պէտք է լուծել խաղաղ ճամբով:

Թուրքիոյ նախագահը խօսած է նաեւ Ուքրանիոյ իրադարձութիւններուն մասին` նշելով, որ այդ երկրին ճգնաժամը բացասաբար կ՛անդրադառնայ ամբողջ շրջանի կայունութեան վրայ, այդ պատճառով պէտք է ստեղծուած դրութենէն դուրս գալու ճամբայ գտնել` հաշուի առնելով միջազգային արժեչափերը եւ Ուքրանիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES