Փութին Ռուսամէտներուն Կոչ Կ՛ուղղէ Ուքրանիայէն Անջատուելու Շուրջ Հանրաքուէն Յետաձգելու

Վլատիմիր Փութին

Վլատիմիր Փութին

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ Ուքրանիոյ մէջ ռուսամէտներուն կոչ ուղղեց անկախութեան շուրջ հանրաքուէն յետաձգելու: Ան ըսաւ, որ կիրակի օր հարաւարեւելեան Ուքրանիոյ մէջ նախատեսուած քուէարկութիւնը պէտք է յետաձգուի` «երկխօսութեան համար անհրաժեշտ մթնոլորտ ստեղծելու նպատակով»:

Ան Մոսկուայի մէջ ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին հետ հանդիպումէ ետք նաեւ ըսաւ, որ ինք պատրաստ է «այս տագնապին ելքեր փնտռելու»:

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ երէկ Քիեւի մէջ զգուշացուց, որ Ուքրանիոյ միասնականութիւնն ու անկախութիւնը վտանգուած են: Ան Ռուսիան ամբաստանեց արեւելեան եւ հարաւային Ուքրանիոյ մէջ տագնապ եւ գրգռութիւններ «կազմակերպել փորձելու» յանցանքով: Հէյկ նշեց, որ Մոսկուայի «անմիջական նպատակը» 25 մայիսին նախատեսուած Ուքրանիոյ նախագահական ընտրութիւնը խանգարելն է, «թէեւ անշուշտ անոնք թերեւս կը փորձեն միջամտութեան պատրուակ մը ստեղծել»:

Միւս կողմէ, ռուսամէտ զինեալներ երէկ ուքրանական ապահովական ուժերու կողմէ հարաւային Ուքրանիոյ նաւահանգիստներէն Մարիուփոլի քաղաքապետարանի շէնքէն վտարուելէ քանի մը ժամ ետք վերագրաւեցին զայն եւ ուքրանական դրօշը անոր վրայէն վար առին:

Share this Article
CATEGORIES