Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի նշեց, որ Ռիատ կը փափաքի, որ Լիբանանի հանրապետութեան յաջորդ նախագահը շարունակէ նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի ուղեգիծը: Նշենք, որ Ասիրի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք յայտնեց նաեւ, որ նախագահի ընտրութիւնը լիբանանցիներուն կը վերաբերի:

ՖՐԱՆՍԱՅԻ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ռոման Նատալ յայտնեց, որ Փարիզ նախագահական ընտրութեան յատուկ թեկնածու չունի եւ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւններուն չի փափաքիր միջամուխ դառնալ:

ՄԱՐՈՆԻ խորհուրդի նախագահ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն շեշտեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը իր աշխատանքներուն պատասխանատուն է եւ ոչ ոք կրնայ միջամուխ դառնալ անոր կրօնական եւ հովուապետական առաքելութեան:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Ֆրանսա լրջօրէն, սակայն առանց միջամտելու, կը հետեւի նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի միջեւ ընթացող խորհրդակցութիւններուն:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ասեմ Քանսօ յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի նախագահական թեկնածութիւնը դադրեցնելու պարագային, Լիբանանի նախագահական ընտրութեան պատկերը ամբողջովին պիտի փոխուի:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ կարելի չէ առանց համախոհութեան հանրապետութեան նախագահ մը ընտրել:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը սկսած են պատրաստուիլ 25 մայիսէն ետք երկրին մէջ տիրելիք հաւանական անիշխանութեան:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Իսմայէլ Սըքքարիէ յայտնեց, որ ինք պիտի մերժէ քուէարկել պետական պաշտօնեաներու եւ ուսուցիչներու աշխատավարձի յաւելումներուն վերաբերող ընտրական բարեփոխուած օրինագիծին, որովհետեւ անիկա անարդար է:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ Լիբանան կ՛ուղղուի դէպի անիշխանութիւն, որ երկրին համար վտանգաւոր ու քանդիչ պիտի ըլլայ:

ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Նեպիլ տը Ֆրէյժ յայտնեց, որ հակառակորդ քաղաքական ուժերը կը վարուին այնպէս մը, որ հանրապետութեան նախագահը պէտք է նշանակուի:

Share this Article
CATEGORIES