Ապու Ֆաուր Կը Հաստատէ Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Չգոյութիւնը

0705Wael-Abou-FaourԵրէկ առաւօտեան շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ լուր մը, թէ «Օթել Տիէօ» հիւանդանոցին մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուած սէուտցի պարագայ մը գոյութիւն ունի:

«Օթել Տիէօ»-ի շտապ օգնութեան բաժանմունքի պատասխանատու բժիշկ Անթուան Զուղպի շեշտեց, որ հիւանդանոցին մէջ «Քորոնա» ժահրի ոչ մէկ պարագայ արձանագրուած է:

Իր կարգին, առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին հաստատեց, որ նման ժահրով վարակուած պարագայ մը չէ արձանագրուած Լիբանանի մէջ:

Ան շեշտեց, որ սէուտցի հիւանդը ենթարկուած է բժշկական բազմաթիւ քննութիւններու, եւ տարրալուծարանային արդիւնքները փաստած են, թէ ան «Քորոնա» ժահրով չէ վարակուած:

Ապու Ֆաուր խոստացաւ լիբանանցիներուն, որ լիբանանեան պետութիւնը պիտի ըլլայ առաջին աղբիւրը, որ տեղեակ պիտի պահէ ժողովուրդը` երկրին մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուելու պարագայ արձանագրուելու պարագային:

Share this Article
CATEGORIES