Սենտիքայական Համակարգումի Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Ամբողջական Եւ Բաց Գործադուլի
Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը երէկ արտակարգ նիստ մը գումարեց Երկրորդական վարժարաններու ուսուցիչներուն լիկայի կեդրոնին մէջ` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատ:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ խորհրդարանական յանձնախումբին կողմէ պետական պաշտօնեաներու եւ ուսուցիչներու աշխատավարձի յաւելման թղթածրարի բարեփոխուած տարբերակը, որ ներկայացուած էր խորհրդարանի նախագահին:
Քննարկումներէն ետք, Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդի նախագահ Հաննա Ղարիպ շեշտեց, որ խորհրդարանական յանձնախումբի աշխատանքին արդիւնքը կը վարկաբեկէ բոլոր լիբանանցիները, նախքան ուսուցիչները, սարակներն ու պետական պաշտօնեաները:
Ղարիպ Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին անունով կտրականապէս մերժեց այդ բարեփոխումը եւ կոչ ուղղեց խորհրդարանին վաւերացնելու այն յաւելումները, որոնք արդար են եւ ոչ թէ այն յաւելումները, որոնք իրաւազրկող են:
Ղարիպ այսօրուընէ մինչեւ չորեքշաբթի, 14 մայիս 2014 ամբողջական եւ բաց գործադուլի կոչ ուղղեց:
Ան կոչ ուղղեց բոլոր դպրոցներու ուսուցիչներուն եւ պետական հաստատութիւններու պաշտօնեաներուն մասնակցելու գործադուլ-դասադուլին:
Ղարիպ կոչ ուղղեց ուսուցիչներու լիկաներու ընդհանուր ժողովներուն պոյքոթի ենթարկելու պետական քննութիւնները:
Իր կարգին, Անձնական դպրոցներու ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ նշեց, որ այս դպրոցներուն ուսուցիչները դասադուլին պիտի մասնակցին միայն չորեքշաբթի, 14 մայիս 2014-ին:

