Մայիս 6-ի Առիթով. 50 Տարիէ Աւելի Ծառայած 14 Լրագրողներու Պարգեւատրում

may6_syndicateԱնցեալ ուրբաթ օր Մամլոյ սենտիքային մէջ տեղի ունեցաւ լրագրողներու պարգեւատրման հանդիսութիւն մը, ներկայութեամբ` իշխանութեան երեք պետերու ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ Մամլոյ սենտիքայի նախագահ Մոհամետ Պաալպեքիի եւ Խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ Էլիաս Աունի:

Դժբախտաբար Լիբանանի Նահատակաց օրը միայն Նահատակ լրագրողներու օր նկատող այս ձեռնարկին ընթացքին, ոգեկոչուեցաւ միայն նահատակ լրագրողներու յիշատակը եւ եղաւ առիթ մը, որ Մամլոյ սենտիքան պարգեւատրէ լրագրութեան մարզին մէջ 50 տարի ծառայած եւ սենտիքայի անդամակցած 14 լրագրող:

Լրագրողներու սենտիքային մէջ տեղի ունեցած այս ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան նաեւ հանրապետութեան նախագահի եւ վարչապետ Թամմամ Սալամի ներկայացուցիչ, նախարար Ռամզի Ժրէյժ եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ Ալի Համտան:

Իր խօսքին մէջ Պաալպեքի լիբանանեան պետութեան ներկայացուց լիբանանեան մամուլին պահանջները:

Միւս կողմէ, տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ խօսքի ազատութիւնը սուրբ է եւ պէտք է անոր նկատմամբ մնայուն յարգանք դրսեւորել:

Ժրէյժ խոստացաւ Մամլոյ եւ Խմբագիրներու սենտիքաներուն ներկայացուցած պահանջները իրականացնելու առումով ամէն ջանք ի գործ դնել:

 

Share this Article
CATEGORIES