Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումը Կը Մերժէ Իր Քուէն Շնորհել Փոխզիջումնային Սկզբունքի Հիման Վրայ Առաջադրուած Թեկնածուի
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն նախագահեց երեսփոխան զօր. Միշել Աուն:
Նիստէն ետք նախկին նախարար Սելիմ Ժրայսաթի յայտնեց, որ համախմբումը կը մերժէ իր քուէն շնորհել փոխզիջումնային սկզբունքներու հիման վրայ առաջադրուած նախագահական թեկնածուի մը:
Ժրայսաթի նշեց, որ համախմբումը կը հաւատայ թեկնածուի մը շուրջ համաձայնութեան եւ ոչ թէ համախոհութեան գոյացումին, որ փոխզիջումներ կ՛ենթադրէ:
Ան ըսաւ, որ մարոնի չորս ղեկավարներն ալ հանրապետութեան հզօր նախագահ մը դառնալու յատկանիշները կ՛ամբողջացնեն, սակայն համախմբումն ու Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը համաձայն չեն, որ ընտրուի նախագահ մը, որուն ուղեգիծը բախումնային է:
CATEGORIES Լիբանանեան

