Ժեմայէլ Այցելեց Զօր. Աունի Եւ Ժահժահի
Փաղանգաւոր կուսակցութեան Ամին Ժեմայէլ երէկ կէսօրին այցելեց Ռապիէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ:

Ժեմայէլ եւ զօր. Աուն
Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ յայտնեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու ազգային անհրաժեշտութիւն կայ եւ պէտք է հանրապետութեան նախագահ ընտրելու առումով սահմանադրական ժամկէտները յարգել:
Ժեմայէլ շեշտեց, որ զօր. Աունի հետ հանդիպումը շատ օգտակար եւ դրական եղած է` հաստատելով, որ իրենք համաձայնած են ճիգ չխնայել նախագահական ընտրութիւնը ամէնէն արագ միջոցին կատարելու նպատակով:
Իր կարգին, զօր. Աուն շեշտեց, որ Ժեմայէլի հետ հանդիպումը արդիւնաւէտ եղած է` աւելցնելով, որ այսօր Ժեմայէլի հետ գործակցութեան նոր հանգրուան մը սկսած է:
«Մենք վճռակամ ենք նախագահական ընտրութիւնները յառաջիկայ երեք շաբթուան ընթացքին, նախքան 25 մայիսը կատարելու»,
Նշենք, որ նախանցեալ օր Ժեմայէլ այցելեց Մեհրապ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ:
Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ շեշտեց, որ իրենց համար կարեւորը հանրապետութեան փրկութիւնն է եւ ատիկա կարելի կ՛ըլլայ կատարել սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին ընթացքին:
«Մենք կը փափաքինք ընտրել հանրապետութեան նախագահ մը, որ ստանձնէ իր պատասխանատուութիւնները, ինչպէս նաեւ փարատէ լիբանանցիներուն եւ յատկապէս քրիստոնեաներուն մտահոգութիւնները», ըսաւ ան:
Ժեմայէլ ընդգծեց, որ նոր նախագահը պէտք է ըլլայ երկրին պետը եւ ոչ թէ նախագահական պալատին վարչական աշխատանքներուն պատասխանատուն: Ան ընդգծեց նաեւ, որ Լիբանան այս հանգրուանին կարիքը ունի ազգային միասնականութիւնը ապահովող եւ լիբանանցիներուն ձգտումները իրականացնելու կարողութիւնը ունեցող համապատասխան նախագահի մը:

