Քալիֆորնիոյ Խորհրդարանի Կանոնադրութեան Յանձնախումբը Ճանչցաւ Արցախի Անկախութիւնը

Մայք Կաթօ

Մայք Կաթօ

Երկուշաբթի, 5 մայիսին, Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի կանոնադրութեան յանձնախումբը պատմական քուէարկութեամբ մը նեցուկ կանգնեցաւ Արցախի ազատութեան եւ անկախութեան` միաժամանակ կոչ ուղղելով Միացեալ Նահանգներու նախագահին եւ Քոնկրեսին, որ նմանապէս ճանչնան Արցախի անկախութիւնը եւ նեցուկ կանգնին անոր ժողովրդավարական կարգերը ամրապնդելու ջանքերուն:

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ թիւ AJR-32 բանաձեւը ներկայացուած է խորհրդարանի անդամ Մայք Կաթոյի կողմէ եւ անոր ի նպաստ քուէարկած են կանոնադրութեան յանձնախումբի 11 անդամներէն 9-ն, մինչ անոր ընդդիմացած է մէկ խորհրդարանական, իսկ 11-րդը ձեռնապահ մնացած է:

Այժմ բանաձեւը 8 մայիսին պիտի քննարկուի եւ քուէարկութեան դրուի խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին:

«Երախտապարտ ենք խորհրդարանական Մայք Կաթոյին, որ այս բանաձեւը ներկայացուց եւ Արցախի անկախութեան հարցով որդեգրեց սկզբունքային կեցուածք մը, որ կը համապատասխանէ ինքնորոշման եւ ազատութեան իրաւունքներուն նեցուկ կանգնելու ամերիկեան սկզբունքներուն: Յոյս ունինք, որ Քալիֆորնիան իր ձայնը կը միացնէ արդէն իսկ Արցախի անկախութիւնը ճանչցած Ռոտ Այլընտ, Մէյն, Մեսեչուսեց եւ Լուիզիանա նահանգներուն», յայտարարեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեան:

Բանաձեւին համահեղինակն էր Խաչօ Աշաճեան, որ Կաթոյի կողքին բանաձեւին ի նպաստ ելոյթ մը ունեցաւ` կանոնադրական յանձնախումբին կողմէ բանաձեւին ընթացքին: Բանաձեւին ի նպաստ ելոյթներ ունեցան նաեւ Ատրին Նազարեան, Սքաթ Ուիլք եւ Շերըլ Պրաուն:

Ամերիկահայութեան անունով քննարկման ընթացքին ելոյթներ ունեցան Նորա Յովսէփեան, Ալինա Նալպանտեան (Արցախի գրաւեալ Շահումեան շրջանէն) եւ Ամերիկայի հայկական խորհուրդի անդամ Սեւակ Խաչատուրեան:

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կարեւոր աշխատանք տարած էր ու մօտէն գործակցած Կաթոյի ու Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի կանոնադրութեան յանձնախումբին հետ` բանաձեւին վաւերացումը ապահովելու նպատակով: Հայ դատի ջանքերուն շնորհիւ, աւելի քան 2500 նամակներ յղուած էին կանոնադրութեան յանձնախումբի անդամներուն` քաջալերելով անոնց, որ Արցախի անկախութեան ի նպաստ քուէարկեն: Կաթօ մեծապէս գնահատեց հայ համայնքին ներդրումը` բանաձեւի վաւերացման աշխատանքին մէջ:

Share this Article
CATEGORIES