«Ուորլիքի Յայտարարութեան Մէջ Ղարաբաղը Անտեսուած Է» Կ՛ըսէ Կիրօ Մանոյեան
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան յայտնեց, որ Ճէյմս Ուորլիքի ըսածներուն մէջ նոր բան չկայ, յուլիս 2009-էն համանախագահող երկիրներու նախագահները ամէն տարի կը հրապարակեն երեք սկզբունքներ` խաղաղ կառավարում, տարածքային ամբողջականութիւն եւ ինքնորոշման իրաւունք:
«Նորութիւնը այն շեշտադրումն է, որ կու տայ ամերիկացի համանախագահողը Արցախի կարգավիճակի հարցին` իբրեւ հիմնական խնդիր: Դրական բան չկայ այդ յայտարարութեան մէջ, որովհետեւ Դաշնակցութիւնը բազմիցս ըսած է, որ հիմնական սկզբունքներուն հետ հարցեր չունի, սակայն հարցը սկզբունքներու հիման վրայ առաջարկուող տարրերն են, երբ կ՛անտեսուի այն հանգամանքը, որ 1988-էն ետք Ազրպէյճանը պատերազմ սանձազերծած է, պարտուած է, եւ իրավիճակը հիմնովին փոխուած, եւ եթէ 1988-ին առաջարկուէր նման լուծում, կը կարծեմ, հայկական կողմը կը համաձայնէր, բայց հիմա նման լուծում անընդունելի է, որովհետեւ կարծես` նպատակ կը հետապնդեն պատերազմ սանձազերծած եւ պարտուած Ազրպէյճանին հատուցել», ըսաւ Կիրօ Մանոյեան:
Ան նշեց, որ Ուորլիքի յայտարարութիւնը կարծես Ազրպէյճանի պատասխանը ըլլայ, որովհետեւ Ազրպէյճանն է, որ իր յայտարարութիւններուն մէջ կ՛անտեսէ Ղարաբաղի կարգավիճակի խնդիրին հիմնական էութիւն ըլլալու հանգամանքը: Յայտարարութեան մէջ բացթողում է նաեւ այն, որ Ղարաբաղը ամբողջութեամբ անտեսուած է, քանի որ զինադադարը ստորագրուած է Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչին կողմէ, որ այսօր չկայ բանակցութիւններուն մէջ, եւ յայտարարութեան մէջ նոյնպէս անտեսուած է: «Կ՛անտեսէ նոյնիսկ Ղարաբաղի ժողովուրդը, որովհետեւ խօսքը կը վերաբերի Ազրպէյճանի ու Հայաստանի ժողովուրդներուն եւ ոչ թէ Ղարաբաղի ազգաբնակչութեան», ըսաւ Կիրօ Մանոյեան:
Ըստ անոր, ամերիկացիները կը փորձեն որոշ չափով աշխուժացնել հոլովոյթը, սակայն կան բացթողումներ` յատկապէս Ղարաբաղի անտեսումը:
Ըստ Մանոյեանի, պարտադիր չէ, որ Ազրպէյճան համաձայն գտնուի, որպէսզի հարցը լուծուի: «Միջազգային փորձառութիւնը ցոյց տուած է, որ նաեւ կարելի է երթալ այլ ճամբով, այս պարագային` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչման ճամբով եւ այդ ուղղութեամբ ալ պիտի շարունակենք աշխատիլ», եզրակացուց ան:

