Ֆրանսայի Մէջ Տղոց Ֆութպոլի Խումբ Մը Առաջին Անգամ Ըլլալով Պիտի Ունենայ Իր Կին Մարզիչը

0705elena-costaArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Էլենա Քոսթա հանդիսացաւ առաջին կին մարզիչը, որ պիտի ըլլայ Ֆրանսայի ֆութպոլի տղոց խումբերէն մէկուն մարզիչը:

Իր լուրը քաղելով www.Sport-express.ru կայքէն` հայկական աղբիւրը կը նշէ, որ 36 տարեկան փորթուգալցիին նշանակման մասին յայտարարած է Քլերմոն ֆութ, որ Ֆրանսայի 2-րդ դասակարգին մէջ կը գրաւէ 14-րդ դիրքը: Ան իր պաշտօնը պիտի ստանձնէ յառաջիկայ տարեշրջանին:

Ան ներկայիս կը գլխաւորէ Իրանի ֆութպոլի աղջկանց ազգային խումբը: Նախապէս, եղած է նաեւ Քաթարի եւ Փորթուգալի աղջկանց հաւաքականներու մարզիչ:

Share this Article
CATEGORIES