«Չեմփիընզ Լիկ». Հոլանտայի Քուիփերս` Աւարտական Մրցումին Իրաւարարը

Պիորն Քուիփերս
Ինչպէս ծանօթ է, 24 մայիսին Լիզպոնի մէջ (Փորթուգալ) տեղի պիտի ունենայ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին աւարտական մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ պիտի ճակատին Ռէալ Մատրիտ եւ Աթլեթիքօ Մատրիտ` զուտ սպանական այս հանդիպումին:
«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին կողմէ այս մրցումին իրաւարար նշանակուած է 41 տարեկան հոլանտացի Պիոռն Քուիփերս: Անոր օգնականները եւ կողմի իրաւարարները պիտի ըլլան Սանտեր Վան Ռոյեքըլ եւ Էրվին Զէյնսթրա (հոլանտացիներ): Իսկ բերդապահներուն մօտ գտնուող իրաւարարները պիտի ըլլան Փոլ Վան Պոյեքըլ եւ Ռիչըրտ Լիեսվելտ:
CATEGORIES Մարզական

