Ֆութսալ. Ասիոյ Բաժակի Մրցաշարք. Ուզպեքիստան Դուրս Ձգեց Լիբանանը

Լիբանան – Ուզպեքիստան մրցումէն
Վիեթնամի մէջ տեղի ունեցող Ասիոյ ֆութսալի բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի մրցումներուն ծիրին մէջ, Լիբանանի տղոց ազգային խումբը 6-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելէ ետք Ուզպեքիստանէն, դուրս մնաց մրցաշարքէն:
Լիբանանի կոլերը նշանակեցին Ահմետ Խէյրէտտին եւ Մուսթաֆա Սըրհան:
Սակայն հակառակ իր կրած այս պարտութեան, Լիբանանի կազմը բաւական լաւ ներկայացում մը կատարեց մանաւանդ Ա. կիսախաղին:
Կիսաւարտականին, Ուզպեքիստան կը մրցի Իրանի դէմ, որ 15-4 արդիւնքով ջախջախեց մրցաշարքը հիւրընկալող երկիրը` Վիեթնամը, իսկ կիսաւարտականի երկրորդ մրցումը իրարու դէմ պիտի հանէ Քուէյթը եւ Ճափոնը:
Լիբանանեան պատուիրակութիւնը այսօր կը հասնի Տոհա, իսկ վաղը կը ժամանէ Պէյրութ:
CATEGORIES Մարզական

