Թոմաս Ուեքըրթ Ընտրուեցաւ Փինկ Փոնկի Միջազգային Ֆետերասիոնի Նոր Նախագահ

Ձախէն աջ` Նիքոլա, Ուեքըրթ եւ Նուրէտտին

Ձախէն աջ` Նիքոլա, Ուեքըրթ եւ Նուրէտտին

Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի նախագահ Սելիմ Հաժ Նիքոլա եւ գանձապահ Ուաէլ Նուրէտտին Թոքիոյէն (Ճափոն) վերադարձան Լիբանան` իրենց մասնակցութիւնը բերելէ ետք փինկ փոնկի միջազգային ֆետերասիոնին տարեկան համագումարին, որուն մասնակցեցան 218 անդամ հաշուող ֆետերասիոններէն 149-ը:

Միջազգային ֆետերասիոնին նոր նախագահ ընտրուեցաւ գերմանացի Թոմաս Ուեքըրթ, որ փոխարինեց իր հրաժարականը տուած քանատացի Ատհամ Շարարան (ծնունդով` եգիպտացի):

Որոշուեցաւ Չինաստանի իրաւունք տալ հիւրընկալելու 2015-ի աշխարհի անհատական ախոյեանութիւնը, իսկ Մալեզիոյ` 2016-ի աշխարհի խմբային ախոյեանութիւնը:

Այլ գետնի վրայ, Նիքոլա եւ Նուրէտտին իրենց մասնակցութիւնը բերին միջերկրականեան երկիրներու համագումարին, որուն ընթացքին Նիքոլա ընտրուեցաւ Ա. փոխնախագահ:

Ժողովականները համաձայնութիւն տուին նաեւ, որ սեպտեմբեր 2014-ին Միջերկրականեան խաղերը տեղի ունենան Պոլսոյ մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES