Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Շանվիլ – Ռիատի
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ էյթ»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթին, 8 մայիսին, երեկոյեան ժամը 19:00-ին, Տիք Մըհտիի մէջ տեղի կ՛ունենայ Շանվիլ – Ռիատի մրցումը:
Դաշտին տիրոջ յաղթանակին պարագային, խումբերը պիտի կատարեն հինգերորդ եւ վերջին մրցումը, իսկ եթէ պատահի, որ Ռիատի ինք յաղթէ, վերջին մրցումին կարիքը պիտի չըլլայ, որովհետեւ անիկա պիտի ապահովէ «ֆայնըլ ֆոր»-ի իր տոմսը:
CATEGORIES Մարզական

