Ճատրակ. Պէյրութի 7-րդ Միջազգային Բաց Մրցաշարք. Տիգրան Քոթանճեան Յաղթանակով Սկսաւ Մրցաշարքը

Բացման մրցումէն Տիգրան Քոթանճեան (աջին) եւ Տանիէլ Պետրոսեան
Երեքշաբթի, 6 մայիս 2014-ին սկսաւ Պէյրութի ճատրակի 7-րդ միջազգային բաց մրցաշարքը, որ կազմակերպուած է Ֆըրն Շըպպեքի Ֆրերներու ճատրակի ակումբին կողմէ եւ կը վայելէ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին հովանաւորութիւնը:
Հայրենի կրանտմասթըր Տիգրան Քոթանճեան, որ մրցաշարքին մասնակցող 7 կրանտմասթըրներէն մէկն է, յաղթանակով սկսաւ մրցաշարքը, երբ Ա. հանգրուանին յաղթեց Տանիէլ Պետրոսեանին: Բ. հանգրուանին անոր մրցակիցն է Մահտի Քաորի:
Ա. հանգրուանին յաղթանակ արձանագրեց նաեւ Րաֆֆի Ճիկերեան, մինչ Գրիգոր Օգնայեան եւ Հրակ Լախեան պարտութիւններ կրեցին:
CATEGORIES Մարզական

