Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Շաբաթասկիզբին իր գումարած հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտնեց, որ երկուշաբթի, 12 մայիսին, յետմիջօրէի ժամը 15:00-ին, ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ տեղի պիտի ունենայ աղջկանց ֆութպոլի ախոյեանութեան 2013-2014 տարեշրջանին վիճակաձգութիւնը: Մրցումները պիտի սկսին 21 մայիսին:

Ժորժ Շահին պիտի գլխաւորէ լիբանանեան պատուիրակութիւնը, որ 2-15 յունիսին Տոհայի մէջ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 20 տարեկանէն վար արաբական բաժակի մրցաշարքին:

Ինչ կը վերաբերի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 21-րդ հանգրուանի մրցումներուն, անոնք տեղի պիտի ունենան հետեւեալ յայտագիրին հիմամբ.

ՈՒՐԲԱԹ, 9 ՄԱՅԻՍ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Ռասինկ – Սաֆա 3:30 Պէյրութ
Ահտ – Անսար 3:30 Մարզական Աւան
Շապապ Սահել – Նըժմէ 3:30 Սայտա
ԿԻՐԱԿԻ, 11 ՄԱՅԻՍ
Իժթիմահի – Ախա Ալէյ 3:30 Թրիփոլի
Թատամոն Սուր – Սալամ Զղարթա 3:30 Սուր
Մապարրա – Թրիփոլի 3:30 Ահտ

 

Սալամ Զղարթա 3 միլիոն 5 հարիւր հազար լիբանանեան ոսկի տուգանքի ենթարկուեցաւ` իր անկարգապահ համակիրներուն պատճառով:

Share this Article
CATEGORIES