Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեր որոշումներուն մասին լուռ մնացէք: Նախ հաստատ հիմերու վրայ դրէք հարցը, ապա, իրագործումէն ետք, կրնաք արտայայտել ամէն ինչ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ջանացէք յարգել ձեր ժամադրութիւնը, որպէսզի ճիշդ ժամանակին կարենաք իրագործել տուեալ խնդրին շուրջ կատարուելիք աշխատանքները` առանց ուշանալու:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Գիրքեր պիտի կարդաք, քանի որ պիտի ստիպուիք մտաւորականի ձեր պարտականութիւնը կատարել: Եթէ արհեստաւոր էք, մնացէք ձեր խոստումը իրագործելու աշխատանքով: Կ՛արժանանաք գնահատանքի:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Եթէ թեթեւ անհանգստութիւն մը զգաք, հանգստացէք, որովհետեւ վերջերս ունեցած էք հեւքոտ եւ լարուած գործունէութիւն: Հանգիստը կարեւոր է:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Իւրաքանչիւր անձ ընկերութեան մէջ ունի իր դերը: Հարկ է ճիշդ ծրագրով ներկայանալ եւ կատարել այն, ինչ որ ձեր մասնագիտութիւնն է: Կարեւորը ստեղծագործել եւ արտադրել է:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Կեանքը կը նմանի բնութեան եղանակներուն: Արեւ ու անձրեւ: Այսօր ձեր երկինքէն պիտի փարատին ամպերը եւ պիտի վայելէք արեւուն բարիքը:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Միակողմանի կեցուածք մի՛ ունենաք: Եթէ ուրիշէն բան մը կը սպասէք, ձեր կարգին դուք ալ ձեր պարտականութիւնը ըրէք: Եղէք սղոցի պէս` մէկ դէպի քեզ, մէկ դէպի միւսը:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր աշխատանքը պիտի վարձատրուի նիւթապէս եւ բարոյապէս: Այս կը նշանակէ, որ եղած էք պարկեշտ եւ գործօն: Շարունակեցէք նոյն ճամբով:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
«Յարգէ՛, որ յարգուիս» կ՛ըսէ հայկական առածը: Մի՛ արհամարհէք ոեւէ անձի նոյնիսկ աննշան կարծուած օժանդակութիւնը: Մարդկայինը գնահատեցէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Կարեւորութիւն մի՛ տաք անկարեւոր երեւոյթներու, ոչ ալ սիրտ մաշեցուցէք անկարելի հարցեր հետապնդելու: Մնացէք ձեր կարողութեան սահմանին մէջ` ո՛չ աւելի, ո՛չ պակաս:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեզի համար դէպի բնութիւն դուրս ելլելու օրն է: Եթէ կրնաք, քանի մը բարեկամներ հրաւիրել, միասնաբար կրնաք վայելել օրուան հաճոյքը:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Մանուկներուն տրուած խոստումը անպայման պէտք է կատարուի, որովհետեւ անոնք չեն հանդուրժեր սուտ կամ մոռացում: Տէրը եղէք ձեր խոստումին: Ուրախացէք եւ ուրախացուցէք մանուկները:

