50 Տարի Առաջ (9 Մայիս 1964)

 «Փարի Մաչ»-ի Զգայացունց Մերկացումները

Երկու Միլիոն Հայերու Ջարդը
Կը Ծանրանայ Թուրքիոյ Խղճին Վրայ

 Անգարա Ի՞նչ Իրաւունքով Կը Խօսի
Ցեղասպանութեան Մասին

Կիպրոսի Հարցը Կործանումէ Փրկեց Թուրքիան

«Փարի Մաչ» ֆրանսական մեծատարած շաբաթաթերթի վերջին թիւին մէջ (9 մայիս) ծանօթ լրագրող Ժան Մաքէ ստորագրած է իր երկրորդ յօդուածը կիպրական տագնապի մասին` «Ինչի՞ կը ծառայէ ՄԱԿ»-ը խորագրով:

Ֆրանսացի լրագրողը գլխաւորաբար կը ծանրանայ Թուրքիոյ դիրքին վրայ` շեշտելով Անգարայի տեսակէտներուն անհիմն բնոյթը: Ամփոփելով` կու տանք կարեւոր մասերը.

Թուրքերը, Թուրքիոյ թուրքերը, առիթէն օգտուեցան, երբ անգլիացիք զիրենք հրաւիրեցին միջամուխ ըլլալու կիպրական խնդիրներուն,  որոնց հանդէպ քար անտարբերութիւն ունէին քառասուն տարիէ ի վեր: Այսպիսի յեղակարծ հետաքրքրութիւն նման բացարձակ անտարբերութենէ մը ետք առնուազն անսովոր էր: Թուրքիա իսկապէ՞ս շատ նախանձախնդիր է փոքրամասնութեանց իրաւունքներուն հանդէպ: Այդ պարագային, ինչո՞ւ չ՛արտօներ, որ լրագրողները այցելեն Թուրքիոյ քրտական շրջանները: Թէեւ ճիշդ է, որ պաշտօնապէս քիւրտեր չկան Թուրքիոյ մէջ: Թուրքիան, որ իր խղճին վրայ ունի երկու միլիոն հայերու, այսինքն գրեթէ ամբողջ ազգին ջարդը, Առաջին աշխարհամարտի ընթացքին, իրաւունք չունի Ցեղասպանութեան մասին խօսելու: Այդ իրաւունքէն զրկուած ըլլալով, ճիշդ է, որ ունի աթուներ. Կիպրոսի մօտիկ ըլլալը եւ 90.000 յոյներու ներկայութիւնը Պոլսոյ մէջ, վերապրողները դարուս սկիզբէն ի վեր տեղի ունեցած կէս երկոտասնեակ մը ջարդերու, եւ որոնք ներկայիս պատանդի վիճակին մէջ են:

Վերջապէս, Թուրքիան պէտք ունի, ստիպողաբա՛ր, կիպրական խնդրին, դէպի դուրս շեղելու համար ժողովրդային զայրոյթը: Որովհետեւ, անգամ մը եւս, Թուրքիան «Եւրոպայի հիւանդ մարդն» է: Իր արեւմտեան երեւոյթը արտաքին շպար մըն է միայն, որուն տակ ան անատակ դուրս կու գայ արեւմտեան դառնալու: Իրեն դրամ պէտք էր, շա՛տ դրամ, եւ ունեցաւ: Ամերիկայի հետ իր յարաբերութիւններուն մէջ ճանչցաւ հովուերգական պահեր: Փոխան խարիսխներու` ամերիկացիք Թուրքիոյ դրամարկղները կ՛ողողէին տոլարներով: Բայց Թուրքիան վիհ մըն է: Տոլարները հալեցան ու թշուառութիւնը մնաց:

Թուրքիոյ մէջ ամէն բան խաթարուած էր, բացի բանակէն: Տիպար, ժողովրդային, աղքատ, մթամած, հիանալիօրէն կարգապահ եւ ապաքաղաքական բանակ մը: Կառավարութեան անփութութեան եւ անզօրութեան եւ բանակին պարկեշտութեան եւ զօրութեան միջեւ հակասութիւնը ակներեւ էր: Երեք տարի առաջ, ամէն կողմէ հայցուելով եւ շատ խնդրանքներէ ետք, պետական հարուածով մը, որ տիպար պիտի ըլլայ իր թեքնիք կատարելութեամբ, բանակը պիտի աւլէր Մենտերեսի կառավարութիւնը, առժամապէս պիտի ստանձնէր իշխանութիւնը եւ պիտի լծուէր ժողովրդավարութիւնը երկրին պարտադրելու ապերախտ դերին:

Յայտնապէս բանակը գերագնահատած էր իր ուժերը, որովհետեւ, երեք տարի ետք, Թուրքիոյ մէջ ոչ մէկ բան աւելի լաւ կ՛ընթանայ եւ նոյնիսկ ոչ մէկ բան լաւ կ՛ընթանայ, քանի որ բանակն ալ լաւ ընթացքին մէջ չէ: Այս արկածախնդրութեան մէջ բանակը կորսնցուց երբեմնի միութիւնը եւ իր ամբողջ ուժը վատնեց` զսպելու դաւեր, որոնք անդադար կը նիւթուին զանազան հատուածներու կողմէ: Վերջին ընտրութիւններուն, երեք ամիս առաջ, անել ստեղծուեցաւ: Ինէօնիւի կառավարութիւնը, որ բանակի օժանդակութիւնը կը վայելէ եւ անոր հակակշռին տակ է, պարտուեցաւ. ոչ մէկ կուսակցութիւն բացարձակ մեծամասնութիւն ունէր: Անիշխանութիւնը մօտ էր: Կիպրոսի հրացանաձգութիւնները ճիշդ ժամանակին հասան: Թերթերը, բանակը եւ կառավարութիւնը երկինքէն ինկած մանանայի պէս թափեցան անոնց վրայ: Արթնցուցին թուրքերու ազգային հպարտութիւնը, եւ կարծէք պատահմամբ, ներքին վէճերը դադրեցան:

Ամէն անգամ որ հրաձգութիւն մը կը ծագի Կիպրոսի մէջ, Թուրքիա դուրս կը հանէ իր մարտանաւերը եւ կը սպառնայ զօրահանում կատարել Կիպրոս: Ի պատասխան, Կիպրոսի յոյները կը դիմեն Աթէնք, ու ահա, ՕԹԱՆ-ի միութիւնը կը սպառնայ խախտիլ, ամերիկեան վեցերորդ նաւատորմը ահազանգի վիճակի մէջ կը դրուի, եւ ռուսերը, ժառանգական թշնամիները թուրքերուն եւ յոյներուն, կ՛ուրախանան իրենց քիթը խոթելով այս խառնաշփոթ կացութեան մէջ:

Ո՞վ սակայն կրնայ հաւատալ թրքական նաւատորմի զօրահանման: Ո՞վ կրնայ հաւատալ, թէ ամերիկեան վեցերորդ նաւատորմը կրնայ անցք տալ` առանց միջամտելու: Ապահովաբար` ո՛չ վարչապետ Իւնէօնիւն, որուն կը բաւէ յոյները 1922-ին պարտութեան մատնած ըլլալու փառքը: Անպայման որ պատերազմ չ՛ուզեր եւ գիտէ, թէ չի կրնար պատերազմիլ: Թուրքիան պատերազմի շանթաժ կ՛ընէ միայն:

 

Share this Article
CATEGORIES