Արուեստի Աշխարհէն. Տկար Կրունկները Կրնան Տապալել «Դաւիթ»-ը
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ՎԵՐՋԵՐՍ ԱՆ ԱՂՄՈՒԿ ԲԱՐՁՐԱՑՈՒՑԱԾ ԷՐ, ԵՐԲ ՁԵՌՔԸ ՏՈՒԱԾ ԷԻՆ ԶԷՆՔ ՄԸ: ԱՅԺՄ ԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ԿԱՐԵԿՑԱՆՔԸ ԿԸ ՀՐԱՒԻՐԷ ԻՐ ՎՐԱՅ: «ՏԸ ՀԱՖԻՆԿԹԸՆ ՓՈՍԹ» ԿԸ ԲԱՑԱՅԱՅՏԷ ՄԻՔԵԼԱՆՃԵԼՈՅԻ ԱՌԱՍՊԵԼԱԿԱՆ ԱՐՁԱՆԻՆ «ԱՔԻԼԼԷՍԻ ԿՐՈՒՆԿԸ»:
Ան ֆիզիքապէս առողջ կը թուի ըլլալ: Սակայն Իտալիոյ մէջ ուսումնասիրողներ կը հաւատան, թէ Միքելանճելոյի Դաւիթը կը դիմագրաւէ տապալելու վտանգը` իր տկար կրունկներուն պատճառով:
Իտալիոյ Ազգային ուսումնասիրութեան խորհուրդին եւ Ֆլորանսի համալսարանին կողմէ կատարուած ուսումնասիրութեան մը համաձայն, բարակ ճեղքեր սկսած են բացուիլ մարմարէ հռչակաւոր արձանին կրունկին շուրջ, ինչ որ կրնայ լրջօրէն վտանգել Միքելանճելոյի գլուխ գործոցին կայունութիւնը` երկար ժամանակի վրայ:
«Մանրադիտակային ճեղքեր սկսած են տեսանելի դառնալ ձախ կրունկին շուրջ, ինչպէս նաեւ` քանդակուած կոճղին մէջ, որ կը կրէ արձանին ծանրութեան մէկ մասը: Այս ճեղքերը կը սպառնան արձանին կայունութեան», կ՛ըսէ «Ճըռնըլ աֆ Քալչըրըլ Հերիթէյճ»¬ի մէջ լոյս տեսած յայտարարութիւն մը:
Մարմարէ միակտուր շերտի մը վրայ 1504¬ին քանդակուած արձանը կը ցուցադրուէր բաց երկինքի տակ, մինչեւ 1873, երբ փոխադրուած է Ֆլորանսի Ակադեմիային ցուցասրահը: Արձանը վերջերս ենթարկուած է մէկ տարուան վերանորոգութեան, անոր վրայ կուտակուած աղտն ու ծծումբի խաւերը մաքրուած են եւ անիկա դարձեալ հանրութեան սկսած է ցուցադրուիլ 2011¬ին:
Այս վերանորոգութեան ընթացքին է, որ առաջին անգամ նկատուած են ճեղքերը:
Մասնագէտներ երկար ժամանակէ ի վեր գիտէին, թէ վատորակ մարմարը կը սպառնար տապալել արձանը, մասնաւորաբար մեծ երկրաշարժի պարագային կամ նոյնիսկ` քաղաքին մէջ արձանագրուած տեւական թրթռացումներուն պատճառով: Անոնք նախապէս առաջարկած են արձանը փոխադրել նման վտանգներէ պաշտպանուած յատուկ վայր մը:

