Արուեստի Աշխարհէն. Ի՞նչ Կ՛ընեն Խմբավարները

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Ականաւոր խմբավար Պեռնարտ Հայթինք` երիտասարդ խմբավարի մը հետ:

Ականաւոր խմբավար Պեռնարտ Հայթինք` երիտասարդ խմբավարի մը հետ:

ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԵՐ ԻՐԱՊԷՍ ԿԱՐԻՔԸ ՈՒՆԻ՞Ն ԱՄՊԻՈՆԻՆ ՎՐԱՅ ԻՐԵՆՑ ԹԵՒԵՐԸ ԹԱՓԱՀԱՐՈՂ ԽՄԲԱՎԱՐԻ ՄԸ: ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԻՒՆԸ ԻՆՔՆԻՆ ԿԱՐԻՔԸ ՈՒՆԻ՞ ԱՆՈՆՑ ՄԻՋԱՄՏՈՒԹԵԱՆ ԿԱՄ ԿՆԻՔԻՆ: ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ, ԱՅՈ՛, ՆՈՅՆԻՍԿ ԵՐԲ ԱՆՈՆՔ ԿԸ ՊԱՐՏԱԴՐԵՆ ԻՐԵՆՑ «ԵՍ»-Ը: ՍԱԿԱՅՆ ՀԱԶՈՒԱԴԷՊՕՐԷՆ ԿԸ ՀԱՆԴԻՊԻՆՔ ԼԱՒԵՐՈՒՆ, ՈՐՈՆՔ ԿՐՆԱՆ ԵՐԵՒԱԿԱՅԵԼ ՁԱՅՆԵՐ, ԶԳԱՑՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ՏՐԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ, ԻՆՉՊԷՍ ԿԸ ԳՐԷ ԻՒԱՆ ՀԻՒԸԹ «ՏԸ ԹԵԼԵԿՐԱՖ» ԹԵՐԹԻՆ ՄԷՋ ԵՒ ԿԸ ԲԱՑԱՏՐԷ, ԹԷ ԻՆՉՈ՛Ւ:

Խօսքը մեր միջեւ. նուագախումբեր իրապէս կարիքը ունի՞ն խմբավարի: Միթէ անոնք պարզապէս սուղ վճարուած կարգ ու կանոն պարտադրող մարդիկ չե՞ն: Բաւարար է համերգէ մը ետք գինետան մը մէջ հանդիպիլ «խեղճ հեծելազօրքին», այսինքն` նուագախումբի անդամներուն, եւ սարսափելի պատմութիւններ կը սկսին պատմուիլ. խմբավարը գձուձ բռնատէր մըն է, որ հաճոյք կը զգայ բռնադատումի ենթարկելով երաժիշտները, տարեց է եւ այնպէս կ՛ուզէ դղրդացնել նուագախումբը, կարծէք հովին պարզուած դրօշակի սիւն մը ըլլայ, իսկ մրցանակներ շահած երաժիշտներ անփորձ կը նկատուին խմբավարին կողմէ եւ կը կարօտին նուագախումբին հոգածութեան:

Նոր Պատկերացում Մը

985WHAT66985WHAT22985WHAT1

 

 

 

 

 

Կ՛արժէ յիշել, թէ խմբավարի այսօրուան մեր պատկերացումը համեմատաբար նոր է: Երբ խումբ մը երաժիշտներ եւ երգիչներ, որոնք իրենց ձայները համադրելով երաժշտութիւն կը հնչեցնեն, միշտ ալ կարիքը ունեցած են ժամանակի կշռոյթը պահող անձի մը դերակատարութեան: Սակայն ոչ ոք այնքան միամիտ էր` հաւատալու համար, թէ այս դերը երկնային ներշնչում կ՛ենթադրէր: Պարոք երաժշտութեան ժամանակներուն նուագախումբը կը ղեկավարուէր տաւղալար (հարփսիքորտ) նուագող երաժիշտին կողմէ, որուն շարժուձեւերը զուսպ էին, ինչպէս հարկը կը պահանջէր:

985WHAT55Մինչ 19-րդ դարուն նուագախումբերը կ՛ընդարձակուէին եւ համանուագները (սիմֆոնի) աւելի այլազան կը դառնային, խմբավարին դերը կը դառնար կենսական: Սակայն Պեթհովենի ժամանակներուն անոր դերը տակաւին համեստ էր: Խմբավարին դերը սկսաւ տիրական դառնալ Վակների եւ Մահլերի նման երաժիշտներով: Անոնց փառահեղ ելոյթները ծնունդ տուին այն գաղափարին, թէ խմբավարը երաժշտական աշխարհին մէջ համազօր է գրական քննադատին. այսինքն ներշնչումով առաջնորդուող անձ մըն է, որուն սրբազան դերն է աստուածացնել արարիչին «պատգամը» եւ զայն փոխանցել երախտապարտ հանդիսատեսին:

Ժամանակի Կշռոյթը

Հետեւաբար, ո՞ւր պէտք է փնտռել ճշմարտութիւնը: Արդեօք խմբավարը պարզապէս ժամանակի կշռոյթը պահողի եւ բեմի անձնաւորութեան միջեւ խառնո՞ւրդ մըն է, որ խենթի նման շարժուձեւեր կը կատարէ բազմութիւններուն համար, թէ՞ իրապէ՛ս յաւելեալ բան մը կ՛արտացոլէ երաժշտութեան մէջ, կը փոխանցէ իմաստի յաւելեալ շերտ մը, զոր երաժիշտները իրե՛նք պիտի չկարենային արտաբերել:

Կարելի է ըսել, թէ խմբավարութիւնը միշտ ալ ունեցած է այս յատկանիշները: Ասիկա սկեպտիկ մէկ արտայայտութիւնը չէ քննադատի մը, որ ներկայ եղած է անթիւ համերգներու, այլ պարզապէս իրականութիւնն է. բեմի անձնաւորութիւն մարմնաւորելը եւ զգացումները շարժումներով արտայայտելը մաս կը կազմեն խմբավարին գործին: Հանդիսատեսին համար դժուար է հետեւիլ Մահլերի հզօր մէկ համանուագին դարձդարձիկ հուներուն կամ Շթրաուսի բանաստեղծական տողերուն: Իրօք, հանդիսատեսներ խմբավարին կը նային, որպէսզի ան իրենց ըսէ, թէ ի՛նչ պէտք է զգան: Այս պատճառով է, որ ոմանք կը սիրեն նստիլ նուագախումբի մը թիկունքին, թէեւ երաժշտութիւնը շատ աւելի վատ կը հնչէ այս դիրքէն:

Նաեւ ճիշդ է, որ խմբավարը ամէն բանէ առաջ նաեւ ժամանակի կշռոյթը պահողն է: Սակայն ճիշդ չէ մտածել, թէ ասիկա պարզ սկզբունք մըն է կամ դիւրութեամբ կարելի է կիրարկել զայն: Երաժշտական բազկերակը խորհրդաւոր բան մըն է եւ միայն երեւութական նմանութիւն մը ունի ելեկտրոնային թմբուկի մը մեքենական ճշգրտութեան հետ: Անիկա ապրող, շնչող բան մըն է. իւրաքանչիւր զարկ նրբօրէն կը տարբերի միւսէն, կրնայ աներեւակայելի արագութեամբ եւ զօրութեամբ մեղեդին առաջնորդել իր գագաթնակէտին կամ` նահանջել, մինչ երաժշտութեան ուժը կը սպառի:

Այս արդէն բարդ երեւոյթին վրայ կու գան աւելնալ բազմաթիւ երաժիշտները, ոմանք` իրենց գործիքներուն սուր ձայնով, օրինակ` բարձրասրինգ, ուրիշներ` մեղմ եւ զուսպ, ինչպէս` լարային գործիքներ, ապա նաեւ յօրինող երաժիշտներուն բազմաթիւ գրաւոր ցուցմունքները` երաժշտութիւնը արագացնելու կամ դանդաղեցնելու, ինչպէս նաեւ` երաժշտութեան արագութեան առնչուած պատմական սովորութիւններ (վալսի յատուկ զուարթ կշռոյթը), եւ այսպէս` նուագախմբային երաժշտութեան մէջ պարզապէս «կշռոյթը պահելը» կը դառնայ չափազանց բարդ գործ մը:

Երաժշտութիւնը Կը Տարբաղադրուի
Առանց Խմբավարի

985WHAT7Տասնամեակներ առաջ, երբ աշակերտ էի Լոնտոնի մէկ երաժշտանոցին մէջ, ի յայտ բերի, թէ որքա՛ն դժուար էր նուագախումբ մը ղեկավարելը: Երիտասարդական յոխորտանքով կը կարծէի, թէ առանց մեծ դժուարութեան` պիտի կարենայի կարողութիւններու ցանկիս վրայ աւելցնել իրագործում մը: Արձանագրուեցայ դասընթացի մը եւ շուտով ինքզինքս գտայ ուսանողական նուագախումբի մը դիմաց, որ Պրամզի մէկ համանուագը պիտի նուագէր: Կը կարծէի, թէ խանդավառ թռիչք մը տուած էի կտորին, սակայն գրեթէ անմիջապէս ամէն ինչ սկսաւ փուլ գալ: Փչողական գործիքները սկսան ջութակներէն առաջ անցնիլ, պասերը սկսան կաղալ անոնց շուքին, շեփորները փախցուցին մուտք մը, հաւանաբար որովհետեւ երաժիշտները կը ծիծաղէին: Շարունակեցի թափ տալ, մինչ Պրամզի խնամուած յօրինումը կը տարբաղադրուէր ինքնաշարժի արկածի տեսարանի մը պէս, որ դանդաղ նկարահանուած էր:

Նոյնիսկ երբ նուագախումբեր փուլ չեն գար, սկսնակ խմբավարներու կողմէ ղեկավարուած համերգներ միշտ ալ կը կրեն դատարկութիւն մը: Կը թուի, թէ ջութակները չեն լսեր թաւ ջութակները, շեփորները` սրինգները, չկայ առաջնորդող ոգի մը, որ միաձուլէ բոլորը:

Քանի մը շաբաթ առաջ ականաւոր խմբավար Պեռնարտ Հայթինքի մէկ համերգին ներկայ եղայ Լուսըռնի մէջ: Հիմնական մակարդակի կարողութիւններով օժտուած բազմաթիւ երիտասարդ խմբավարներ կը մասնակցէին համերգին: Անոնք բաւական մրցունակ էին: Սակայն գլխաւոր խմբավարին փորձառութիւնը, որ կ՛արտացոլար Մահլերի չորրորդ համանուագին կատարումին Հայթինքի մեկնաբանութեան մէջ, ցոյց կու տար, թէ երիտասարդները տակաւին որքա՛ն ճամբայ ունէին կտրելիք:

Հասարակաց Թերութիւններ

Հասարակաց հարց մըն էր յօրինող երաժիշտին նշումներուն անտեսումը խազագրութեան մէջ: Խազագրութիւն մը նոյն ձեւով նուագելը ձանձրացուցիչ կը թուի ըլլալ, սակայն իրականութեան մէջ շատ դժուար է, որովհետեւ երեւակայութիւն կ՛ենթադրէ գրուածը կեանքի կոչելը: Հայթինք կ՛ընդգծէր բարացուցական նշում մը Մահլերի համանուագին մէջ. «կեհայմնիսվոլ», որ բառացիօրէն կը նշանակէ «գաղտնիքներով լեցուն»: Ինչպէ՞ս կարելի էր գաղտնիքներով լեցուն հնչեցնել երաժշտութիւն մը: Բեմին վրայ երիտասարդ խմբավարը անճրկած էր, հետեւաբար Հայթինք առաւ ճպոտը, եւ անմիջապէս զգալի դարձաւ մութ ու խորհրդաւոր յատկանիշ մը, որ երաժշտութիւնը պատեց սողոսկող մայրամուտի պէս:

Հասարակաց այլ ձախողութիւն մըն է երաժշտութեան խանդավառ պահերը շռայլելը` ի գին ամբողջութեան: Կորսնցուցի հաշիւը այն պահերուն, երբ Հայթինք ստիպուած էր երիտասարդ խմբավարներուն յիշեցնել, թէ համանուագ մըն էր, որ կը կատարէին եւ ոչ թէ` գունագեղ գողտրիկ կտորներու շարք մը:

«Պէտք է զգուշանաս իւրաքանչիւր տողի վերջաւորութեան երաժշտութիւնը զսպելէ, ապա` զայն ազատ արձակելէ,- կ՛ըսէր ան խմբավարի մը, որ քիչ մը շատ կը սիրէր շուայտանալ` երաժշտութեան մարմրող յատկանիշը շեշտելով:- Այնքան շատ զգացում խտացած է այս շարժումին մէջ, որ եթէ աւելի շեշտես զայն, ապա ինչպէ՞ս աւելի բուռն թափով պիտի հնչեցնես երաժշտութիւնը աւելի ուշ»:

Կարգ մը խմբավարներ կը դիմագրաւեն հարց մը, զոր բարեկամներէս մէկը կը կոչէ «յունական սափորի» ախտանշանը: Ասիկա այն պահն է, երբ ձախ ձեռքը կը կապկէ աջ ձեռքը` յունական սափորի մը ուրուագիծը շօշափելու պէս, թէեւ շատ աւելի պատկերաւոր է, քան` «անկենդան ձեռքի» ախտանշանը, ուր ձախ ձեռքը կը կախուի առանց որեւէ շարժումի եւ չի ծառայեր որեւէ նպատակի:

Երբ ձախ ձեռքը կը գործածուի խելացի ձեւով, կը ծառայէ բազմաթիւ նպատակներու: Անիկա կրնայ երաժիշտներուն եւ հանդիսատեսներուն ըսել, թէ պիտի լսեն երկար տող մը` երեւութապէս կտրատուած երաժշտական քողի մը ետին: Ապա` կրնայ նաեւ բնորոշել եւ շեշտաւորել նուագախումբին երանգը:

Մեկնաբանողը

Անհաւանական կը թուի այս մէկը, սակայն բազմաթիւ առիթներով ականատես դարձած եմ այլ երեւոյթի մը, ներառեալ` խմբավարութեան վերոնշեալ դասընթացի պահերուն: Երբ ուսանող մը քաղաքավարօրէն տողատակի կատարումով ղեկավարեց Մահլերի համանուագին երկրորդ շարժումը, Հայթինք անոր յիշեցուց, թէ` «ասիկա դժուար կտոր մըն էր, բնաւ կախարդական չէր, հետեւաբար յաւելեալ սրամտութեամբ պէտք էր կատարել զայն»: Ապա ան ապացուցեց իր տեսակէտը` ցնցիչ դառնութեամբ յատկանշուած երաժշտութիւն մը արտաբերելով նուագախումբէն:

Այն իրողութիւնը, թէ Հայթինք ի վերջոյ պարտաւորուեցաւ ճպոտը առնել եւ օրինակով ցոյց տալ, թէ ի՛նչ պէտք էր ընել, ի յայտ կը բերէր խմբավարութեան մէկ այլ յատկանիշը: Այո՛, ճիշդ է, որ գոյութիւն ունի «ճպոտի թեքնիքը», զոր կարելի է սորվեցնել: Այո՛, ճիշդ է, որ գոյութիւն ունի երաժշտական գիտութեան ամբողջ պաշար մը, զոր պէտք է ունենայ խմբավար մը: Սակայն զիս կը զարմացնէ, թէ երաժիշտներու համար որքա՛ն կարեւոր է խմբավարին դերը` երաժշտութիւնը «մեկնաբանելու մէջ»:

Հայթինքի նման մեծ խմբավարներ շատ չեն սիրեր խօսիլ: Անոնք գիտեն, թէ խորքին մէջ շատ նախնական եւ բնազդային կարողութիւն մը կ՛ենթադրէ 70 հոգիի շնչառութիւնը, շարժումները եւ զգացումները ղեկավարելը: Ասիկա շնորհ մըն է, որ երաժիշտներ կրնան ունենալ կամ չունենալ:

Share this Article
CATEGORIES