Քեսապի Վրայ Յարձակումին Թուրքիա Օգնած Է Իսլամականներուն. «Թելեկրաֆ»

TelegraphԲրիտանական «Թելեկրաֆ» թերթի լրագրող Ռութ Շըրլաք ապրիլ 15-ի թիւի կայքին վրայ զետեղուած յօդուածի մը մէջ անդրադարձած է Քեսապի վրայ յարձակումին` մատնանշելով, որ թէ՛ Քեսապէն տեղահանուածները, թէ՛ Քեսապը բռնագրաւած իսլամ ծայրայեղականները, եւ թէ չէզոք կողմերը հասած են այն եզրակացութեան, որ Թուրքիա օգնած է Քեսապը գրաւող ապստամբ ուժերուն:

Շըրլաք կը գրէ, թէ ապստամբ զինուորները Թուրքիոյ կողմէ ներխուժեցին Սուրիոյ սահմանակից Քեսապ հայաբնակ քաղաքը: Ապստամբ ուժերէն պատասխանատու մը, որ չէ ուզած իր ինքնութիւնը բացայայտել, ըսած է. «Հարկաւոր էր տարբեր անկիւնէ մը յարձակիլ: Ծովեզերքի միակ անցքը Թուրքիոյ սահմանն էր: Կարճ խօսքով` Թուրքիոյ ապահոված օգնութիւնը մեծ օգնութիւն էր»:

Պետրոս կեղծանունով 45-ամեայ քեսապահայ մը հետեւեալը ըսած է յարձակումին մասին. «Թնդանօթներու ձայնով արթնցանք: Հագուելու ժամանակ չունէինք: Կինս եւ զաւակներս առի եւ փախայ: Մեզի հետ որեւէ բան առնելու ժամանակ չունէինք: Կարգ մը մարդիկ ստիպուեցան գիշերանոցներով փախչիլ»:

Թերթը կը գրէ, որ երբ Քեսապը «Քայիտա»-ի կապուած իսլամական խմբակներու ձեռքը անցաւ, երկու հազար անձեր փախուստ տուին եւ լքեցին քաղաքը:

Պետրոսի մէկ ազգականը յայտնած է, որ ինք իսլամական ապստամբները տեսած է թուրք զինուորներու հետ` կողք կողքի: Պետրոս իր տեղեկատուութեան մէջ նշած է նաեւ, որ ռմբակոծումը սկսած է Թուրքիոյ սահմանէն:

Թերթը նաեւ կը գրէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս մասին կատարուած պնդումները «բոլորովին անհիմն եւ սուտ» կ՛որակէ:

Թերթին լուրը կը շարունակուի հետեւեալ կերպով. «Թուրքիա թէեւ սուտ կ՛որակէ լուրը, սակայն Թուրքիոյ յայտարարութիւնները կը հակասեն Մարդկային իրաւանց դէտ կազմակերպութեան կատարած ստուգումներուն եւ ունեցած ականատեսներու վկայութիւններուն: Կազմակերպութեան Սուրիոյ եւ Լիբանանի պատասխանատուն` Լամա Ֆաքիհը, նշած է, որ անհնարին էր առանց Թուրքիոյ գիտակցութեան այս խմբակներու Սուրիա մուտքը: Ֆաքիհ հետեւեալը ըսած է. «Երկար ատենէ ի վեր ապստամբ ուժերու ցանկութիւնն էր յարձակիլ Քեսապի վրայ: Բայց Թուրքիա նախապէս ատոր արտօնութիւնը չէր տուած»:

Վերջաւորութեան Շըրլաք կը գրէ, թէ կատարուած յարձակումը հայերու յիշողութեան մէջ կը վերակենդանացնէ Օսմանեան կառավարութեան կողմէ գործադրուած տեղահանութեան յուզումնալի դէպքերը` նկատի ունենալով, որ այդ քաղաքի բնակիչները իրենց նախորդ սերունդներուն պատմած յիշատակներով մեծցած են:

Share this Article
CATEGORIES