Երիտասարդական Ոսպնեակ. Մենք Ի՛նչ Ժառանգեցինք Շուշուայ Սխրանքէն (9 Մայիս 1992)
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Իւրաքանչիւր անգամ որ ազգովին կը տօնակատարենք Շուշիի յաղթանակը, պարզապէս այդ պարծանքին ընդերքը խարսխուած հրաշափառ խորհուրդին վերայայտնաբերումն է, որ կը կատարենք, հոն` այդ սրբազան հողին հետ շաղախուած հայոց աստուածներու արիութիւնը լոյսին կը բերենք, դարերու խորերէն ճառագայթող քաղաքական ու գաղափարական հասունութեան եւ մշակութային հարստութիւններու փառքը կը հիւսենք, այլապէս հայոց ազգային ազատագրական պայքարի օրրան ըլլալու հմայքն ու հնչեղութիւնը կը հաստատագրենք:
Այո՛, Շուշիի ազատագրութեան այս օրերուն, հայ ազնուական ցեղի ու կամքի յաղթանակը կ՛ընդգծենք, որովհետեւ հայոց պատմութեան մերօրեայ ոսկեփայլ էջերուն կ՛արձանագրուէր սխրանքներու ամէնէն վեհափառ օրինակը, անկրկնելին ու յաւիտենականը:
Այլ խօսքով, Շուշիի ազատագրութեան գերհզօր մարտերու ընթացքն ու ռազմական յաջողութիւններու աւարտը այնքան չէր խանդավառած ազգը համայն, որքան նախայարձակման օրերուն տրուած Արցախի զինուորական հրամանատարութեան այն ապառաժեայ որոշումին ու կամքին վճռակամութիւնը, թէ ամէն գնով պէտք էր հայ բազուկի հարուածներուն տակ ծունկի բերել Շուշուայ բարձունքին ապաստան գտած թուրք-ազերի հորդաները, մաքրել դարաւոր քաղաքը սրբապիղծ աւազակներէ եւ ծնրադիր աղօթել հայոց փառքի ու հաւատամքի խորհրդանիշ` Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ խորանին դիմաց:
Եւ այդ սքանչելի համազգային յաղթանակին շունչ ու մարմին կու տար քաջարի ու խիզախ հայ ազատամարտիկներու հոյլ մը, որ ի գին աննկարագրելի զոհողութիւններու կ՛իրականացնէր աստուածահաճոյ առաջադրանքը:
Հետագայ սերունդներ յաճախ իրենք իրենց հարց պէտք է տան, թէ ինչպիսի՞ ճակատագիր վերապահուած պիտի ըլլար Արցախին, եթէ երբեք ազգային ազատագրական պայքարի նորօրեայ հանգրուանին Շուշին մնար զազիր թշնամի թուրք¬ազերիի կողմէ բռնագրաւուած, եւ կամ պէս¬պէս քաղաքական անել կացութիւններու իբրեւ հետեւանք` անոր բարձունքին անարգել ծածանէր թշնամիի արիւնռուշտ դրօշը:
Իսկ նման ապազգային ու կործանարար իրավիճակի գոյութիւնը պիտի տեւէր տասնամեակներ, պաղ թէ տաք պատերազմներու թոհուբոհին առարկայ:
Բարեբախտաբար, Արցախի պարագային քաղաքական ու զինուորական կացութիւնները ունեցան հայանպաստ հունաւորում եւ ընթացան ի շահ ամբողջ հայութեան:
Արցախահայութեան մղած ազգային ազատագրական պայքարը թէեւ ունեցաւ ելեւէջային հանգրուաններ, գտնուեցաւ անասելի ու թէժ պայմաններու դէմ յանդիման, ուր բարբարոս թշնամին դիմեց ամէնէն վայրագ միջոցներուն եւ ուզեց արմատախիլ ընել հաւաքական կեանք մը ամբողջ, այդուհանդերձ, շնորհիւ հայ քաջարի մարտիկներու տոկալու կամքին, վառ հայրենասիրութեան, ազգային արժանապատուութեան գիտակցութեան, հայրենիքը փրկելու վճռակամութեան, դէպի թշնամին սլանալու եւ հարուածելու յանդգնութեան, հայոց Արցախ աշխարհը իր բացառիկ ժողովուրդով եւ իրեն թիկունքին ունենալով համայն հայութեան աջակցութիւնն ու կորովը, ցոյց տուաւ ինքզինք գերադասելու այնպիսի ներուժ եւ իւրովի կարողականութիւն, որով կարելի եղաւ ապահովել ժամանակակից հայոց պատմութեան ամէնէն պանծալի յաղթանակը:
Ճիշդ է, որ Շուշիի ազատագրումով չդադրեցան պատերազմական գործողութիւնները, այլեւ անոնք ստացան աւելի թէժ տարողութիւն, որովհետեւ թշնամին չարաչար պարտուած եւ խուճապի մատնուած` իր յուսահատի վերջին մոլուցքը թափեց, հայոց սրբազան լեռներէն եւ կիրճերէն նախքան միանգամընդմիշտ հեռանալն ու փախուստը:
Կարելի՞ է արձագանգել Շուշուայ ամրոցի յաղթանակին, առանց ընդգծելու Քարինտակի սխրանքներու ամբողջ հմայքն ու հրաշագործութիւնը, երբ բուռ մը քարինտակցի յեղափոխականներ, իրենց արեան կանչին ու հաւատամքին ականջալուր, յանձն կ՛առնէին բարձրանալ ցից ու ապառաժեայ լեռներն անգամ` թշնամին անակնկալի բերելու եւ թիկունքէն հարուածելու համար:
Եւ հո՛ս է, որ թշնամին` ի տես հայ մարտունակ բազուկի հարուածին ու ռազմավարի շնորհին, սարսափահար փախուստի կը դիմէր, ցոյց տալով իր վարձկանի կազմաւորումն ու վեհերոտի դիմագիծը:
Աւելի ուշ, ինչպէս ամբողջ Արցախի տարածքին, նոյնպէս Շուշիի մէջ տեսանելի էին թուրք-ազերի բարբարոսութիւններու մատնահետքեր, երբ գրեթէ ամէն ինչ քանդուած ու հրկիզուած էր փախուստի ընթացքին: Ասիկա առաջին անգամ չէր, որ դարաւոր այս քաղաքը կ՛ենթարկուէր նմանատիպ դառն ճակատագիրի, ուրկէ պիտի վերստին ընձիւղէր եւ ստանձնէր ազգային իր դերակատարութիւնը:
Իրօք, Արցախ իր պետականութեամբ, բանակով, ժողովրդագրական պատկերով թէ ամբողջ հայութեան նեցուկով կրցաւ շրջանցել ամէնէն դժուարին ժամանակներն անգամ, տոկաց ու կամքի կռանումով տէր կանգնեցաւ իր ճակատագիրին, ու, հակառակ թշնամիին ամէնօրեայ սպառնալիքներուն եւ ոտնձգութիւններուն, հայրենիքի այս հողատարածքը կը շարունակէ ապրիլ, ստեղծագործել եւ ապագան հունաւորել:
Այսօր, Շուշիի քսաներկու տարուան ազատագրութենէն ետք, հայ իրականութեան համար այս կտոր մը հայրենիքը բոլորին ուշադրութեան առանցքն է` իբրեւ պատմական ժառանգ ու անգնահատելի հարստութիւն:
Ճիշդ է նաեւ այն, որ աւերուած Շուշիի վերահայացման ու վերականգնումի աշխատանքները թէեւ դանդաղ, սակայն իրենց ապահով ընթացքին մէջ կը գտնուին: Փաստօրէն, վերջին տարիներուն հայութիւնը ականատես է բազմաթիւ իրագործումներու` բնակարաններ, շէնքեր, պանդոկ, ճանապարհաշինութիւն, դպրոց, եկեղեցի, ակումբ եւ այլն:
Յայտնապէս, հայ քաղաքական միտքն ու պետականութիւնը պարտաւոր է նկատի ունենալ այնպիսի հաշուարկներ, որոնց նկատմամբ հարկ է ցուցաբերել զտարիւն կեցուածք եւ ի հարկին համազգային պաշտպանական համակարգի ձեւաւորումով տէր կանգնի իւրաքանչիւր թիզ մը հողի, որուն շաղախուած է հայ ազատամարտիկներու սուրբ արիւնը:
Արդարեւ, հայոց պարտադրուած պատերազմին ընթացքին ամբողջ մարդկութիւնը ականատեսի վկայութեամբ արձանագրեց հայ կտրիճ ու մարտունակ բազուկի, ասպետական հոգիի ու հայրենասէրի ամէնէն պայծառ օրինակները, ուր դժկամութեամբ, բայց գլխիկոր ընդունեց բուռ մը ազատատենչ ժողովուրդի մը պանծալի յաղթանակը:
Մերօրեայ հայ ժողովուրդի պատմութիւնն ալ իր կարգին կարմիրով տէր է իր ազգային արժանապատուութեան ու հաւաքական յիշողութեան, իր ծոցէն ծնունդ կ՛առնեն սրբազան խենթեր, որոնք իրենց արեամբ ջրդեղեցին հայրենի հողը եւ նորահաս սերունդներուն պարգեւեցին ազատ ու անկախ, բայց մանաւանդ քաջարի Արցախ մը, որուն տիրութիւնը միա՛յն հայութեան կը պատկանի:
Ինչպէս պատերազմի դաշտին վրայ, նոյնպէս ալ քաղաքական, տնտեսական, ընկերային թէ տարբեր բնագաւառներու մէջ արցախահայութիւնը պարտաւոր է ցոյց տալ իր առաքինի եւ վեհափառ արժանիքներու տեսականին, որպէսզի պահէ ու պաշտպանէ Արցախ հայրենիքը:
Շուշիի ազատագրումով թնդացին հայոց սքանչելի լեռները, կռանուեցան համայն հայութեան կամքերը, ազատութեան ու յաղթանակի աստուածները կրկին շեփորեցին հայութեան յաղթանակի կանչը, եւ ազգը համակ տօնեց իր վերածնունդի եւ վերապրումի սխրանքը` այս անգամ միասնականութեան ամրոցին մէջ:
Կը մնայ ամէն քայլափոխի եւ ուժգնօրէն ամրագրել, թէ հայութիւնը ո՛ւր ալ գտնուի եւ ինչպիսի՛ պայմաններու ենթակայ ըլլայ, պարտաւոր է անսալ ու ենթարկուիլ Շուշուայ բերդէն բոցավառող պատգամին, բարձր պահելու համար ազգային արժանապատուութիւնը եւ դէմ դնելու բոլոր ոտնձգութիւններուն, որոնք կը սպառնան ազգային միասնականութեան ու համախումբ կեանքին` ի հայրենիք եւ սփիւռս աշխարհի:

