Հայկազեան Համալսարանի Երաժշտական Յանձնախումբը Կ՛ոգեկոչէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

IMG_5282Երեքշաբթի, 29 ապրիլ 2014-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Հայկազեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչում:

99 տարիներ անցած ըլլալով հանդերձ, հանդիսատեսները եկած էին նոյնքան եւ աւելի ջերմ զգացումներով իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու մեր 1,5 միլիոն նահատակներու յիշատակին:

Յայտագիրը, որ կազմակերպուած էր համալսարանի երաժշտական յանձնախումբին կողմէ, զուտ գեղարուեստական բնոյթ ունէր: Հնչեցին երգերը` Կոմիտասի, Սպենդեարեանի, Խաչատուրեանի, Բաբաջանեանի, Ամիրխանեանի եւ այլոց, որոնք կ՛անմահացնեն մեր նահատակներուն յիշատակը: Յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին` Նանոր Մաճարեան, Նժդեհ Պոտրումեան, Վարանդա Եագուպեան, Լոռի Պիլալեան, Արտա Էքմեքճի, Ճոն Հաթմ, Րաֆֆի Սամմաք, Մարա-Լենա Քիսոյեան, Ալիս Իբրաճեան:

Յայտագիրի աւարտին, ներկաները հանդիսասրահէն ելլելով, աչքէ անցուցին պատմական Հայաստանի լուսանկարները` պատրաստուած Աւանդներու ակումբին կողմէ եւ անոնց մասին զրուցելով` իրարու հրաժեշտ տուին մեր նահատակներուն յիշատակը եւ մեր պահանջատիրութիւնը անթառամ պահելու ոգիով:

Share this Article
CATEGORIES