Յաղթութեան Դուռ Շուշի

ՄԱՐԻԱՆԱ ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Դուն, ա՛լ հեռուն տանջուած երազ մը չես, Շո՜ւշի
Կը շողան աչքերուդ մէջ հպարտութեան ճառագայթներ
Կովկասի մարգարիտ, Արցախի սիրտը յաղթական
Հոգեւոր մայրը, վեհանիստ բերդաքաղաք
Կրկին հայացար լուսաւորուեցար
Թող շողան աչքերուդ մէջ ուրախութեան ճառագայթներ

Մեր նախնիները այստեղ կը ննջեն
Մեր մարտիկները այստեղ կը շնչեն
Հրեշտակներ պահապան, կը շրջին բոցանման հոգիներով…
Հերոսներ արի  պարեցէ՛ք, կրկին ոտքի կանգնեցէք
Լեռներ` մայրաբար  շիրիմները քաջազուններուն  դուք օրօրեցէք
Թող ճախրեն խրոխտ, անառիկ ամրոց աշտարակներէն…

Ապագայատեսիլ երթով շնչէ պատմութեան գոհար Շուշի
Աւերակներէն երկինք խոյացած վերակենդանացած
Դիւցազնութեան ձեռագիր մատեան բերդաքաղաք
Թիկունքիդ մայր Հայաստանն է  ամրակուռ բազուկներով
Սէգ լեռներէդ  կանչէ՛ քոյրերդ, մայրական տաք գիրկ
Շուշի տար մեզ` Նախիջեւան, Վան, Անի, Տիգրանակերտ

Դուն ալ հեռու երազ մը չես Շուշի
Հասցուր մեզ Սասնայ երկիր ու Կիլիկիա
Որ միասին պարենք արծիւներու սէգ պարը
Դարերէն եկած դարերուն գացող  լիալոյս  ոգիի պարը
Ամրոց անառիկ` թող որոտան յաղթերգի թնդանօթներդ
Մայր տաճար Ղազանչեցոց ղօղանջեն զանգերդ…

Դուն, ա՛լ հեռու երազ մը չես Շուշի
Յաղթական դուռ ես դէպի նոր ճամբայ

 

 

Share this Article
CATEGORIES