Շուշիի Ազատագրութեան 22-րդ Տարեդարձին Առիթով. Ազատութեան Գինը

ՅՈՎԻԿ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ

Shushi_HovigԱրցախով հայ ժողովուրդը կրկին դէմ դրաւ պատմութեան փորձութեան: Նոյն փորձութեան, որ երեւի տակաւին Բագրատունեաց թագաւորութեան անկումէն ասդին, դարեր շարունակ հայ ժողովուրդը ապրած է. հայութեան գոյութեան մարտը, կռիւը: Եւ եթէ վերջին հարիւրամեակին, գոնէ երկու անգամ, հայութեան աստուածը կը թուէր լքած ըլլալ զինք, երբ հայութիւնը կոչուած էր մեն-մինակ դէմ դնելու իր գոյութեանը ուղղուած մահացու հարուածներուն, թէ՛ Սարդարապատի եւ թէ՛ Շուշիի մէջ, ոտքի կեցան ազգի խենթերը եւ իրենց հասակի ամբո՛ղջ վեհութեամբ գոռացին թուրքին ու աշխարհին, թէ այս ազգը ապրիլ գիտէ եւ ապրելու համար շատ ալ լաւ մեռնի՛լ գիտէ:

Ոտքի կեցան ազգի ընտրանիները, մահը` որպէս հարսանի՛ք դիմաւորող առիւծասիրտ քաջերը, Արամները եւ Շահէնները, Նժդեհներն ու Արթուրները, Դրոներն ու Վիգէնները:

Շուշիի ազատագրութեան պայծառ առաւօտը միա՛յն պատմութիւնն է, որ ցոյց պիտի տայ, թէ ինչպիսի օրհասական ճակատամարտ մըն էր հայութեան գոյութեան պատերազմին մէջ:

22 տարիներ առաջ հայ քաջերը մտան Շուշի: Այդ անառիկ թուացող հայկական բարձունքը ինկաւ հայ ֆետայիներու գրոհին դիմաց եւ ականատեսը դարձաւ թուրք ու ազրպէյճանցի թշնամիին խելակորոյս, ամօթալի փախուստին: Շուշիի ազատագրումը հիմը դրաւ արցախեան յաղթանակին:

Արցախը, որ դարեր շարունակ իր մելիքներով, Դաւիթ Բէկով, ու Մխիթար Սպարապետով, իր Իշխանով, Մենակով ու Նիկոլ Դումանով կենդանի պահած էր ազգային ինքնութեան, ինքնավարութեան եւ մարտունակութեան ոգին,  Արցախը, որ հակառակ խորհրդային ու թրքական լուծերուն, ամէն գնով պահպանած էր իր ազգային ինքնութիւնն ու հայրենի հողակտո՛րը, Արցախը, որ իր բնական հարստութիւններով, աշխարհագրական դիրքով ու հայրենասէր բնակչութեամբ կը հանդիսանայ հայրենիքի արեւելեան դարպասը, պահակը, Շուշիի ազատագրումով բռնեց Հայաստանի վերամիաւորման ճանապարհը, եւ իրերայաջորդ յաղթական մարտերէ ետք, ահաւասիկ 20 տարիներէ իրո՛ղապէս մաս է Հայաստանի:

Դժուար է Արցախի ազատագրման նշանակութիւնը բնորոշել ճշգրտօրէն ու գնահատել ամբողջութեամբ. հայկական այս թանկագին հողակտորին ազատագրումը ունեցաւ եւ տակաւի՛ն պիտի շարունակէ ունենալ հսկայական անդրադարձներ հայութեան ազգային ազատագրութեան ու ինքնահաստատման պայքարին վրայ:

Արցախով հայ ժողովուրդը կանգնեցուց ու շրջեց պատմութեան անիւին դարձը: Մուշի ու Վանի, Սասունի, Կարինի ու Նախիջեւանի գրաւումէն ու հայաթափումէն ետք, թուրք-ազրպէյճանցի թշնամին աչքերն ու ախորժակը սեւեռած էր դէպի Արցախն ու արցախահայութիւնը. Խորհրդային Միութեան տապալումով անոր կը թուէր, թէ պայմաններն ու պահը նպաստաւոր էին շարունակել յափշտակելու ու հայաթափելու այլ հայկական տարածք մը եւս: Անոր նպատակին ու ծրագիրներուն նենգութիւնն ու խորութիւնը ակնբախ էին համայն աշխարհին. հայութեան պատմական ու հարազատ հայրենիքի կոտորակման արշաւը իր գագաթնակէտին հասցնելով` թշնամին կը միտէր 20-րդ դարու սկիզբի հայոց հայրենիքը` 20-րդ դարու աւարտին, դարձնել աւելի եւ աւելի փոքր, շրջափակուած ու անյոյս տարածութիւն մը: Այլ խօսքով, նպատակը մէ՛կ էր, նո՛յն իթթիհատի համաթուրանական ծրագիրը. վերացնել հայութեան գոյութիւնը իր պատմական հայրենիքէն եւ միացնել թրքութեան երկու թեւերը:

Ահա՛ թէ ինչի դէմ էր, որ կոչուած էին ծառանալ Արցախն ու համայն հայութիւնը: Հարուածը ետ չմղելու գինը պիտի ըլլար ճակատագրական ու մահացու. Արցախը պիտի որոշէր հայութեան ապագան:

Ե՛ւ եղաւ այն, ինչ որ բոլորդ շատ լաւ գիտէք: Արցախցին կանգնեցաւ հզօր ու հաստատ. հայութիւնը, նետուած ձեռնոցին խորին գիտակցութեամբ, Հայաստան թէ՛ սփիւռք, անսաց ազգային թելադրանքին եւ հաստատակամ մտաւ մարտի դաշտ, զոհեց ամէնէն թանկագինը` հազարաւոր հերոսներու կեանքերը, փրկելու համար հայրենիքի աւելի՛ թանկագին հողակտորը, փրկելու համար մե՛ր, հայութեա՛ն իր հայրենիքին մէջ ազա՛տ ապրելու իրաւունքը:

Արցախով հայ ժողովուրդը նուաճեց այլ թանկագին արժէք մը եւս. ազգային յաղթանակի ու ազգային արժանապատուութեան թանկ ապրումները: Գաղտնիք չէ, որ ազգերն ու հաւաքականութիւնները յաղթանակներով կը հաստատեն իրենք զիրենք եւ կ՛ամրապնդեն իրենց յարատեւութիւնը: Հայրենիքի հսկայ մէկ հատուածին կորուստը ցեղասպանութիւնն ու աշխարհի չորս կողմերը տարտղնուած հայութիւնը, եւ տակաւին Հայաստանի փոքրացած հանրապետութեան անկախութեան անժամանակ կորուստը մահաբեր հարուածներ էին հայ ազգի գոյութեան. հարուածներ, որոնց անդրադարձները շարունակուեցան 70 տարիներ… մինչեւ որ բացուեցաւ արցախեան արշալոյսը. մինչեւ որ արցախցին զէնքը ձեռքին գոչեց` ազատութի՛ւն կամ մահ:

Արցախով հայութիւնը արձանագրեց այլ կարեւոր յաղթանակ ալ. հայութեան միասնականութիւնը դրսեւորուեցաւ իր ամէնէն արժանաւոր պատկերով: Արցախեան պատերազմը միացուց ազգի բոլոր շերտերը, աշխարհի չորս կողմերը:

Այդ միասնականութիւնը արտայայտուեցաւ նաեւ, թէեւ փոքրաթիւ, սակայն մեծարժէք, սփիւռքահայ ֆետայիներու մասնակցութեամբ պատերազմական գործողութիւններուն:

Այսօր հաւաքուած ենք հոս, նաեւ, յարգելու յիշատակը այդ հերոսներէն մէկուն, բոլորիս հոգիներուն ամէնէն հարազատներէն Վիգէն Զաքարեանի նահատակութեան: Վիգէնը, որ ծնած էր, ներկաներէս շատերուն պէս, Պէյրութի մէջ եւ հասակ առած էր լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն, տակաւին պատանի տարիքին մասնակից եղած էր հայ ժողովուրդի կամաւոր բանակին` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, հայահոծ թաղերու պաշտպանութեան աշխատանքին:

Ան շատ վաղ տարիքէն հասկցած էր, թէ ազգապահպանումը շա՛տ դժուար գործ է եւ կը պահանջէ հսկայական զոհողութիւններ, բոլորանուէր նուիրում, անձնուիրութիւն, արիւն ու զոհեր:

Արցախեան պատերազմի ազդանշանը այնքա՛ն բարձր, այնքա՛ն յստակ ու այնքա՛ն արագ արձագանգեց դաշնակցական Վիգէնի հոգիին մէջ: Անոր համար դաշնակցական ըլլալը համազօր էր ազատագրական պայքարի զինուորագրուելու յանձնառութեան. «անհանդարտ ու տաքարիւն Վիգէնին համար ժողովական պերճ աթոռներն ու հանդիսութեանց բեմերը այլեւս անիմաստ կը թուէին ըլլալ: Իր մանկութեան երազն էր ըլլալ հայութեան «անկեղծ զինուոր», ինչպէս հետագային պիտի վկայէր ընկեր մը:

Եւ այդ պայծառատեսութիւնը չէ՞ արդեօք, որ կը պակսի մեր իրականութեան մէջ այսօր քիչ մը ամէն տեղ: Գիտակցութեամբ ու ենթագիտակիցով զգալո՛ւ, իմանալո՛ւ, թէ պահն ու պայմանները ի՛նչ կը պահանջեն. Վիգէնի այդ ջինջ ու սառնասիրտ դատողութեան նման, որ երբ հայրենիքի հարազատ մէկ տարածքը, հայ ժողովուրդի զաւակները, ենթակայ են թշնամիի ոտնձգութեան, դաշնակցականի նուիրական երդումը տուած հայը, կարելի չէ՛ մնալ ձեռնածալ. իրաւունք չունի տատամսելու, այլ կոչուած է ըլլալ նախաձեռնող, կոչուած է ըլլալ քաջ, կոչուած է ըլլալ նախայարձակ: Այսօր, երբ հակառակ մեր ազգային իրականութեան դիմագրաւած բազմաթիւ մարտահրաւէրներուն, տակաւին կը շարունակուին դաշնակցականի ու դաշնակցական երիտասարդի խարխափումներուն ու գործի անորոշութեան մասին խօսակցութիւնները, մեզի՛, բոլորիս, հարկաւոր է Դաշնակցութեան գաղափարախօսութեան ու աւանդին վրայ հիմնուած սառը ու ուղիղ դատողութիւն, որոշում ու գործունէութիւն:

Դաշնակցական երիտասարդը կոչուած է Վիգէնի օրինակով լաւագոյնս ծանօթանալու հայութեան պատմութեան, Դաշնակցութեան գործին ու փորձին, եւ ապա` խիզախ ու համարձակ վերցնելու իրեն վիճակուած պարտականութիւնը ազգի այսօրուան մղելիք պայքարի խրամատներուն մէջ:

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղի ընկերները, Վիգէնի հարազա՛տ ընկերները, որոնք ահաւասիկ 22  տարիներէ ի վեր, հաւատարմութեամբ ու նուիրումով, ամէն տարի կ՛ոգեկոչեն հերոսին յիշատակը, սոսկ պարտականութիւն մը կատարողի հանգամանքով չէ՛, որ կը մօտենան ոգեկոչման այս ձեռնարկներուն. ժամանակի թաւալումին հետ ոգեկոչումը չի՛ դառնար սգատօն մը միայն:

Չէ՛, սիրելինե՛ր, կը հաւատա՛նք, թէ մանաւանդ «Դրօշակ»-ի ու ԼԵՄ-ի տղաքը առհասարակ իրենց մէջ կը պարփակեն տասնամեակներու այդ նոյն ներուժը, որ ծնաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Լիբանանի երիտասարդականի այս կազմակերպութիւնը, ԼԵ՛Մ-ը, որ մշտապէս ու միանշանակ գտնուեցաւ պատնէշի առաջին դիրքերուն վրայ: Վիգէնի երիտասարդ ընկերներէն այսօր կ՛ակնկալուի միեւնոյն յանձնառութիւնը, պարտականութեան նո՛յն խոր գիտակցութիւնը եւ ազգային ու կուսակցական մարտահրաւէրներու նո՛յն սթափ արժեւորումը: Վերջապէս, ինչի՞ է, որ կը սպասէ Վիգէններ ծնած երիտասարդութիւնը այսօր. ինչի՞ կը սպասէ համարձակ ու խրոխտ յառաջ գալու համար, ինչո՞ւ կ՛ակնկալէ դերի ու տեղի սահուն ու փափուկ մատուցում, ինչո՞ւ խիզախօրէն չի նետուիր դիմակայելու հայութեան առաջ ցցուող բոլոր վտանգները` նո՛ր շունչով, նո՛ր զէնքերով ու նոր մարտավարութեամբ: Երիտասարդութեան դերն ու տեղը չե՛ն տրուիր, սիրելինե՛ր, այլ կը գրաւուին. դաշնակցական երիտասարդութիւնը այսօր հարկ է, որ անյապաղ յառաջ գայ եւ գրաւէ՛ իր դիրքերը գաղութային թէ համազգային ճակատներուն վրայ: Թշնամի թուրքին ու ազրպէյճանցիին դէմ տարուող պայքարի նոր փուլերէն, սուրիահայութեան գոյութեան ու բռնագրաւեալ Հայաստանի դատին այդ կռուաններուն սպառնացող վտանգներէն, մինչեւ Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացման ծրագիրները, մինչեւ լիբանանահայ մեր իրականութեան թարմացման ու վերակազմակերպման հրամայականները, նո՛յնիսկ մինչեւ կուսակցական մեքենայի եւ առաջնահերթութիւններու վերաձեւաւորումը դաշտեր են, որոնց մէջ դաշնակցական երիտասարդը պարտաւոր է իսկոյն գրաւել իր առաջատար տեղը: Պարտաւոր է ըլլալ ըմբոստ, խրոխտ ու անձնուէր` անշահախնդիր մօտեցումներով վերցնելու համար հայ ազգային ազատագրութեան առաջատարի դրօշը:

Եւ դեռ… երբ 21-րդ դարու նիւթապաշտ պայմաններուն մէջ հաւաքական գործի, ազգային պարտականութիւններու ու կուսակցական նուիրումի արժէքները, կամայ թէ ակամայ, տեւական նահանջի մէջ կը գտնուին, երբ մեր առօրեայ, անձնակեդրոն զբաղումներէն ու պարտաւորութիւններէն դուրս` կը սկսինք դժուարանալ ժամանակ ու ճիգ տրամադրելու հաւաքական աշխատանքներու, կրկի՛ն Վիգէնի պարտաճանաչ տիպարը կու գայ իր խարազանող ներկայութիւնը զգացնել տալու բոլորիս: Ընկեր մը կը պատմէ. «Լուռ աշխատանքի եւ անսպառ խանդի մարմնացում եղող Վիգէնին համար չկային գործի նախընտրութիւններ: Զինք կարելի էր տեսնել հո՛ն, ուր կենդանի գործը կ՛եռար: Առաւօտուն, ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչն էր ան հեծելարշաւի մրցումներուն: Յետմիջօրէին երիտասարդականի գործերով կլանուած եռանդուն նուիրեալ մըն էր, իսկ երեկոյեան հայ մշակոյթը պանծացնող կենսուրախ տղան` բեմի վրայ, եւ դեռ… ուշ գիշերին, թաղին անդորրութեան հսկող մշտարթուն եւ մի՛շտ ներկայ մէկ պահակը»: Վիգէնի առօրեան ամփոփող այս քանի մը տողերը այնքա՛ն դասեր կը պարունակեն այսօրուան օր ըստ օրէ ստուարացող` սակարկող եւ նիւթական ու բարոյական վարձատրութիւններ փնտռող զանգուածներուն:

Ճիշդ է, ու հաւանաբար հասկնալի, հերոս նահատակներու յիշատակին արտասանուած խօսքերը, մանաւանդ երիտասարդականի տղոց կողմէ կազմակերպուած հանդիսութիւններու ընթացքին, կ՛ուղղուին նոյնինքն երիտասարդութեան: Վերջապէս, նահատակներն ալ շատ յաճախ երիտասարդներ են եւ ամէնէն շատ ակնկալութիւնները ազգի ապագայի տեսակէտէն կապուած են երիտասարդութեան հետ:

Սակայն, Վիգէն Զաքարեանի նահատակութեան յիշատակի այս ձեռնարկին կ՛արժէ հարցումը ուղղել նաեւ աւելի երէց սերունդի ներկայացուցիչներուն. ներկայացուցիչներուն` հիմնականին մէջ այն սերունդին, որմէ ծնաւ Վիգէնը. եւ ո՛չ միայն Վիգէնը: Ինչպէ՞ս կարելի է հասկնալ, թէ այն սերունդը, այն տղաքը, որոնց գաղափարական ու կազմակերպական հնոցէն է, որ ծնունդ առին Վիգէնն ու իր ընկերները, որոնք հասան հոն, ուր իրենց մէջէն մատաղներ իսկ տուին վասն հայրենիքի ազատագրութեան դատին, ինչպէ՞ս կարելի է հասկնալ, թէ հայրենիքի մասնակի ազատագրութեամբ կարծէք բաւարարուած դատարկեցին  հրապարակները: Կարծէք Հայաստանի անկախացումով ու Արցախի ազատագրումով իրենց ուխտն ու երդումը կատարած համարեցին ու «պարապեցան» իրենց սեփական զբաղումներով:

Կը հաւատանք, թէ Վիգէնի մտերիմ ընկերները, Վիգէնի հետ ժողովական կեանք կիսած տղաքը, տարաբնոյթ աշխատանքներու մէջ Վիգէնի ընկերակիցները, բոլորը, որոնք Վիգէնի նման կը հաւատային կեանքի գնով հայրենիքի փրկութեան հասնելու ուղիին, տակաւին ընելիք ունին` հաւաքական մեր կեանքին մէջ: Ընելիք ունին` փոխանցելու համար Վիգէնի հաստատակամութիւնը, վարակելու համար Վիգէնի հայրենասիրութիւնը, ցոյց տալու համար Վիգէնի զոհաբերութեան ու նուիրումի կենդանի օրինակը: Վերջապէս, այն արժէքները, զորս կը դաւանէին Վիգէնն ու մնացեալ անձնազոհերը, չէին կրնար սոսկ քանի մը անհատներու առանձնաշնորհումը ըլլալ. անոնք ծնունդ էին որոշ մթնոլորտի մը, որոշ հաւաքական արժեհամակարգի մը, որուն կրողները պարտաւոր են մեր այսօրուան իրականութեան մէջ (այնքա՜ն նիւթեղէն ու արժէքազուրկ իրականութեան մէջ) հաւատարիմ մնալ Վիգէնի ու մնացեալ անձնազոհերուն արեան կանչին, եւ կառչած մնալով այդ երբեմնի արժէքներուն` թիավարել հոսանքն ի վեր եւ երաշխաւորել, թէ հայրենասիրութիւնը, անձնուիրութիւնը ու զոհողութիւնը պարզապէս գիրերու կոյտեր չե՛ն, այլ` արժէ՛քներ, սո՛ւրբ արժէքներ, որոնց հաւատացող ու դաւանող սրբածին հերոսներ չսակարկեցին իրենց կեանքերն իսկ:

Վիգէնը ֆիզիքապէս մեզի հետ չէ արդէն 22 տարիներէ: Աստուածային ուսմունքին համաձայն, ան կը գտնուի ա՛լ աւելի լաւ վայրի մը մէջ: Մենք, սակայն, կրնանք վստահ ըլլալ, թէ ո՛ւր ալ որ գտնուի ան հիմա, իր միւս ընկերներուն հետ միասին, Լիզպոնի հերոսներէն մինչեւ անժամանակ մեզմէ բաժնուած Պերճին ու Սագոյին հետ, անոնք կը շարունակեն մղել միեւնոյն պայքարը, հայու գոյութեա՛ն պայքարը, մեր իրաւունքներու տիրացմա՛ն պայքարը: Մեզի կը մնայ հաւատարիմ մնալ այս հերոսներուն քալած ճանապարհին. քալել նո՛յն ուխտով, նո՛յն հաւատքով ու նո՛յն վճռակամութեամբ: Այլապէս իմաստազրկած կ՛ըլլանք թէ՛ Վիգէնին նահատակութիւնը եւ թէ՛ ալ իր յիշատակը յաւերժացնող այսօրինակ բոլոր արարողութիւնները:

 

* Վիգէն Զաքարեանի նահատակութեան 22-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկին արտասանուած խօսք:

Share this Article
CATEGORIES