Հայաստանի 17 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Հաւաքականը Նոր Մարզիչ Ունեցաւ
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Հայաստանի ֆութպոլի 17 տարեկանէն վար հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ նշանակուեցաւ Արամ Դանիէլեան:
Ան Փիւնիկ Երեւանի 2000-2001-ի ծնունդ խումբերուն գլխաւոր մարզիչն է: Եղած է նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեանի մարզիկներու կազմին մէջ:
Նշենք, որ Արամ Դանիէլեան վերջին քանի մը տարիներուն Հայաստանի հաւաքականին գլխաւոր օտար մարզիչներուն թարգմանիչը եղած է:
CATEGORIES Մարզական

