Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ֆատի Հապըր յայտնեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ նախագահական համախոհական թեկնածու է, իսկ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն Հըզպալլայի թեկնածուն է:

ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ արձանագրուած են զինեալ բախումներ` Ալաա Հուժէյրի դէմ մահափորձին պատճառով: Գաղթակայանին մէջ երէկ բոլոր դպրոցները մնացին փակ:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլի եւ նախարար Պութրոս Հարպի փոխանցեց, որ եթէ անոնցմէ մէկը իրմէ աւելի քուէներ ստանայ, ապա ինք ոչ մէկ հարց ունի անոնց զօրակցելու առումով:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով եկեղեցական աղբիւրներէ, յայտնեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը որոշած է Ս. հողեր այցելել եւ այդ մասին խորհրդակցութիւններ կատարելու տրամադրութեան մէջ չի գտնուիր:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ յայտնեց, որ իրենք չեն փափաքիր մասնակից դառնալ ընտրութեան հանրապետութեան այնպիսի նախագահի մը, որ պատասխանատուութիւն չստանձնէ:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս շեշտեց, որ կառավարութիւնը կը սպասէ ՄԱԿ-ի պատասխանին` Լիբանան-Սուրիա սահմանամերձ շրջանին մէջ գաղթակայաններ կառուցելու նպատակով:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն յայտնեց, որ իրենք հարիւր առ հարիւր վստահ են, թէ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը կը զօրակցին Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր յայտնեց, որ երեսփոխանական պլոքներէն կը պահանջուի հանրապետութեան նախագահ մը ընտրել:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Քապաս» օրաթերթին համաձայն, ֆրանսական իշխանութիւնները բացայայտած են, թէ ներկայ հանգրուանին համար Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն լաւագոյն թեկնածուն է:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա շեշտեց, որ նախագահական ընտրութիւն կատարելու համար տակաւին կան շարք մը պակասաւոր տուեալներ:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլի նախաձեռնած շարժումին նպատակն է հանրապետութեան նախագահութեան փրկութիւնը:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Քապաս» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Թամմամ Սալամի կառավարութիւնը յոյսով է, որ Լիբանանի մէջ զբօսաշրջութեան վիճակը այս ամառ պիտի բարելաւուի: Նոյն օրաթերթին մէջ նշուած է, որ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրիի Լիբանան վերադարձը ցուցանիշ է, թէ Ծոցի երկիրներու բնակիչները իրենց ամառը պիտի անցընեն Լիբանանի մէջ:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթը իր տեղեկութիւնները ամերիկացի պետական պաշտօնատարէ մը քաղելէ ետք յայտնեց, որ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան եւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգին միջեւ կապեր պէտք չէ փնտռել:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան յառաջիկայ նիստերը պիտի շարունակուին նոյն ձեւով:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի կողմէ նախագահական ընտրութեան խոչընդոտումը Լիբանանին վնասներ պիտի հասցնէ:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հիւսէյն Մուսաուի յայտնեց, որ իրենք կը փափաքին ունենալ նախագահ մը, որուն հայեացքը կ՛երթայ մինչեւ պաղեստինեան սահմաններ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Սելիմ Սայեղ յայտնեց, որ ընտրութիւններուն հասնող հարուածը հանրապետութեան նախագահութեան դէմ հարուած է` աւելցնելով, որ լիբանանցիները իսկական զարթնումի կարիքը ունին:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, դիւանագիտական ճնշումներ պիտի բանեցուին Լիբանանի վրայ` նախագահական ընտրութիւնը ճշդուած թուականին կատարելու համար:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Զիատ Ասուատ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ քրիստոնեաներուն թշնամիները հանրապետութիւնը վաճառեցին եւ խնդրեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ իրենց ըսէ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է հանրապետութիւնը վերադարձնել:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին յայտնեց, որ Մոսկուա կը զօրակցի Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը ճշդուած թուականին կատարելու ապահովական նկատառումներով:

 

Share this Article
CATEGORIES