Տեղատարափ Անձրեւը Անակնկալի Մատնեց Քաղաքացիները
Ամա՞ռ, թէ՞ ձմեռ. կլիման նոյնիսկ շփոթի մատնեց լիբանանցին, որ լաւագոյն պարագային զարմանքով դիտեց երկինքը, իսկ յոռեգոյն պարագային խխում ջուր դարձած հասաւ իր աշխատանքին եւ մտածեց հաւանական հարբուխ մը կանխարգիլելու միջոցներուն դիմելու մասին:
Տեղատարափ անձրեւը Պէյրութի կարգ մը փողոցները վերածեց լիճերու, ինչպէս նաեւ տարբեր շրջաններուն մէջ երթեւեկի ահաւոր խճողում պատճառեց:
Իրենց կարգին, ներքին եւ քաղաքացիական ապահովութեան ուժերը զգուշացուցին լիբանանցիները հաւանական սահանքներէն, ինչպէս նաեւ կարելի եղած օժանդակութիւնը եւ ցուցմունքները տրամադրեցին քաղաքացիներուն:
CATEGORIES Լիբանանեան

