Սենտիքայական Համակարգումի Խորհուրդը Իր Պահանջները Յանձնեց Խորհրդարանին
Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը երէկ կրթութեան նախարարութեան մէջ գումարեց իր նիստը, որուն աւարտին յայտարարեց յաջորդող օրերուն իր որդեգրելիք մագլցողական քայլերը:
Խորհուրդը խստիւ դատապարտեց կարգ մը երեսփոխաններու կողմէ տրուած խոստումներուն փոխարէն այլ երեսփոխաններու առաջարկած բարեփոխումները, որոնց հիման վրայ պետական պաշտօնեաներուն, ուսուցիչներուն եւ սարակներուն իրաւունքները ոտնակոխուած են:
Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը կոչ ուղղեց չորեքշաբթի, 14 մայիս 2014-ին գործադրելու խաղաղ եւ քաղաքակիրթ ընդվզումի ցոյց մը` խորհրդարանին գումարելիք նիստին առընթեր:
Նստացոյցին ժամ ճշդուեցաւ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ը, իսկ վայրը` Կեդրոնական Պէյրութի Դրամատուներու սեփականատէրերու միութեան կեդրոնատեղին:
Խորհուրդը կոչ ուղղեց ամբողջ պետական մարզին, ինչպէս նաեւ դպրոցներուն, համալսարաններուն, արհեստից դպրոցներուն, պետական հաստատութիւններուն եւ քաղաքապետարաններուն մասնակցելու ընդհանուր ցոյցին:
Խորհուրդը ուսուցիչներու լիկաներու ընդհանուր ժողովներէն պահանջեց պոյքոթի ենթարկել պետական բոլոր քննութիւնները` անխտիր:
Նշենք, որ երէկուան նիստին նախագահեց Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդի նախագահ Հաննա Ղարիպ, ներկայութեամբ` Անձնական դպրոցներու ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտի եւ այլ պատասխանատուներու:
Նշենք, որ խորհուրդը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը ուղղուեցաւ խորհրդարան, ուր յանձնեց խորհուրդին պահանջները:

