Բանակը Ձերբակալեց Յանցագործներ
Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ բանակը Ժնահի մէջ ձերբակալած է երկու յանցագործներ` Հասան Ալի Սուէյտանը եւ Խալետ Թալալ Խալիլը, որոնք նախապէս ամբաստանուած էին աւազակութիւն կատարելու եւ զէնք ու զինամթերք ունենալու յանցանքով:
Երեկոյեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը Ժապալ Մըհսենի մէջ կրցաւ ձերբակալել Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան պատասխանատուներէն մէկը:
CATEGORIES Լիբանանեան

