Վարչապետ Սալամ Ընդունեց Էխհորեսթը

Էխհորեսթ եւ Սալամ

Էխհորեսթ եւ Սալամ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անժելինա Էխհորեսթը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Վարչապետ Սալամի այցելեց նաեւ Ընկերային ապահովագրութեան ազգային սնտուկի (տաման) ընդհանուր տնօրէն Մոհամետ Քարաքի:

Միւս կողմէ, «Նահար» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին վարչապետ Սալամ շեշտեց, որ հանրապետութեան նոր նախագահի մը ընտրութեան ձախողութեան պարագային Լիբանանի կառավարութեան բոլոր նուաճումները սպառնալիքի դէմ յանդիման պիտի գտնուին:

Վարչապետ Սալամ անհրաժեշտ նկատեց, որ քաղաքական ուժերը համախոհութիւն գոյացնեն 25 մայիսէն առաջ հանրապետութեան նախագահ մը ընտրելու հարցին շուրջ:

Share this Article
CATEGORIES