Ապու Ֆաուր Օդակայանին Մէջ Կը Ստուգէ «Քորոնա» Ժահրին Լիբանան Մուտքը Կանխարգիլելու Դրութիւնը

Ուաէլ Ապու Ֆաուր
Առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր երէկ ուղղուեցաւ Պէյրութի միջազգային օդակայան` ընկերակցութեամբ առողջապահութեան հարցերով խորհրդարանական յանձնախումբին:
Ապու Ֆաուր ստուգեց օդակայանին մէջ որդեգրուած միջոցառումները` կանխարգիլելու համար «Քորոնա» ժահրին Լիբանան մուտքը:
Ապու Ֆաուր շեշտեց, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ կան յատուկ քամերաներ, որոնք կրնան մատնանշել «Քորոնա»-ով վարակուած հիւանդները` աւելցնելով, որ առողջապահութեան նախարարութեան որոշումով այդ քամերաները որեւէ ատեն կրնան օգտագործուիլ:
Ան նշեց, որ օդակայանի առողջապահական կեդրոնին բժիշկները պատրաստ են նման պարագայ մը արձանագրուելու ընթացքին անհրաժեշտ միջոցներուն դիմելու:
Ապու ֆաուր նշեց, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ կան 8 բժիշկներ եւ 16 հիւանդապահներ, սակայն «Քորոնա» ժահրին Լիբանան սպրդումը կրնայ պատահիլ, իսկ նման պարագայի առողջապահութեան նախարարութիւնը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ այդ ժահրին տարածումը կանխարգիլելու:
Նշենք, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուող պարագաները բուժելի են:
ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ Լիբանանի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուած առաջին անձին ախտաճանաչումը կատարուած է:

