Ժեմայէլ Ֆրենժիէի Հետ Քննարկեց Նախագահական Ընտրութեան Վերաբերող Հարցեր

Ժեմայէլ եւ Ֆրենժիէ
Նախագահական ընտրութեան առումով իր անձնական նախաձեռնութիւնը մարոնի ղեկավարներուն ներկայացնելու շրջագիծին մէջ, Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ երէկ կէսօրին այցելեց Պնաշյի, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի հետ:
Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ յայտնեց, որ ինք եւ Ֆրենժիէ համաձայն են, որ պէտք է հանրապետութեան նախագահը ընտրել սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին:
Ան ըսաւ, որ նախագահ մը չընտրելու պարագային, 25 մայիսէն ետք երկրին վիճակը վտանգաւոր եւ ապագան անորոշ պիտի դառնայ:
Ժեմայէլ յայտնեց, որ անհրաժեշտ է հանրապետութեան նախագահութիւնը փրկել:
Միւս կողմէ, Ֆրենժիէ նշեց, որ նախագահական ընտրութիւնը կատարելու առումով ինք յոռետես է, որովհետեւ համախոհութեան առիթ չի նշմարեր:
Ան նշեց, որ իրենք կը փափաքին 25 մայիսէն առաջ ունենալ հանրապետութեան նախագահը, սակայն եթէ պայմանները չներեցին, ապա կառչած պիտի մնան հզօր նախագահ մը ունենալու ընտրանքին:
«Մենք անիշխանութեան դէմ ենք, սակայն անկէ չենք վախնար», ըսաւ ան:
Ֆրենժիէ շեշտեց, որ ինք Ժեմայէլին յայտնած է, թէ կառչած կը մնայ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունին:
Միւս կողմէ, երէկ երեկոյեան Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ Պիքֆայայի մէջ դարձաւ Ժեմայէլի ընթրիքի հիւրը:

