Պքերքէի Մէջ . «Պատրաստ Եմ Թեկնածութիւնս Յետս Կոչելու, Եթէ Մարտ 14-ի Քաղաքական Ուժերէն Այլ Անձնաւորութեան Մը Շուրջ Համախոհութիւն Գոյանայ» Յայտնեց Ժահժահ

Սամիր Ժահժահ
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահը, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները, յատկապէս նախագահական ընտրութեան վերաբերող զարգացումները:
Հանդիպումէն ետք Ժահժահ ցաւ յայտնեց, որ Պքերքէի մէջ մարոնի ղեկավարներուն միջեւ գոյացած համաձայնութիւնները չեն գործադրուիր, որովհետեւ կարգ մը մարոնի ղեկավարներ կը զլանան իրենց խոստումներուն յանձնառու մնալ:
Ան նշեց, որ Ռայի պատրիարքը ցաւ յայտնած է, որ ոմանք նախագահական ընտրութեան նիստերուն իրենց մասնակցութիւնը պոյքոթի կ՛ենթարկեն:
Ժահժահ շեշտեց, որ ինք բնաւ չի պարտադրեր ինքզինք իբրեւ նախագահական ընտրութեան միակ թեկնածուն: «Եթէ կայ անձնաւորութիւն մը, որ մեր քաղաքական համոզումները կը բաժնէ եւ ատակ է ու համախոհութիւն կը վայելէ, ապա պատրաստ եմ այդ իմաստով խորհրդակցելու: Իսկ եթէ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերէն այլ անձնաւորութեան մը շուրջ համախոհութիւն գոյանայ, պատրաստ եմ թեկնածութիւնս յետս կոչելու», եզրափակեց Ժահժահ:

