Մեր Կորուստները. Ոչ Եւս Է Լեռնային Ղարաբաղի Հ Անրապետութեան Ազգային Ժողովի Դաշնակցութեան Խմբակցութեան Անդամ Կամօ Մարտիրոսեան

kamo

Կամօ Մարտիրոսեան

7 մայիսի երեկոյեան, կեանքէն  հեռացաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի  պատգամաւոր, Դաշնակցութիւն խմբակցութեան անդամ Կամօ Մարտիրոսեան:

Կամօ Մարտիրոսեան ծնած է 6 նոյեմբեր 1960-ին, Ասկերանի շրջանի Նորագիւղ գիւղին մէջ:

1978-ին  աւարտած է Ստեփանակերտի թիւ 2 միջնակարգ դպրոցը: Մասնագիտութեամբ լեռնային ճարտարագէտ է:

1984-էն մինչեւ 1985 աշխատած է շինարարութիւններու տնօրինման ձեռնարկութեան մէջ` իբրեւ վերահսկիչ ճարտարագէտ, իսկ 1985-1992` ագրոարդի միջտնտեսային վերահսկողութեան բաժանմունքին մէջ շինարարութեան իբրեւ ճարտարագէտ-վերահսկիչ:

1992-էն մինչեւ 1993 ծառայած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ինքնապաշտպանութեան ուժերու հետախուզութեան բաժինը` իբրեւ առաջին բաժանմունքի պետ:

1993-էն մինչեւ 1996 ծառայած է իբրեւ ճարտարագիտութեան  ծառայութեան սպայ, իսկ 1996-1998-ին` իբրեւ ճարտարագիտական ծառայութեան պետ:

Մայիս 1998-էն մինչեւ սեպտեմբեր աշխատած է իբրեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Շահումեանի շրջանի ճարտարապետ, իսկ 1998-2003` Կաթողիկէ օգնութեան ծառայութեան ծրագիրներու ղեկավար:

2003-2007` աշխատած է Թուֆենքեան բարեգործական հիմնադրամի շինարարութեան ծրագիրներուն մէջ իբրեւ պատասխանատու:

2007- 2008-ին աշխատած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կառավարութեան առընթեր գաղթի, գաղթականներու եւ վերաբնակեցման վարչութեան պետ: 2008-2010` աշխատած է իբրեւ Քաշաթաղի շրջանի վարչակազմի ղեկավար:

23 մայիս 2010-ին խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընտրուած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի պատգամաւոր` մեծամասնական ընտրակարգով: 10 յունիս 2010-ին ընտրուած էր Ազգային Ժողովի ելեւմուտքի, պիւտճէի եւ տնտեսական կառավարման հարցերու մնայուն յանձնախումբի նախագահի տեղակալ:

Ազգային ժողովի Դաշնակցութիւն խմբակցութեան անդամ էր, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան անդամ: Ամուսնացած էր, ունէր երեք զաւակ:

 

Share this Article
CATEGORIES