«Կառավարութեան Անդամները Սակաւապետութեան Դէմ Պայքարը Պէտք Է Սկսին Նոյնինքն Իրենցմէ» Կ՛ըսէ Արծուիկ Մինասեան

Արծուիկ Մինասեան

Արծուիկ Մինասեան

Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան կ՛առաջարկէ ներկայ հանգրուանին աւելի լուրջ գործով զբաղիլ եւ ձգել, որ կառավարութիւնը իր ծրագիրը ներկայացնէ` տեսնելու համար, թէ որքանո՛վ այդ ծրագիրը ուղղուած է Հայաստանի առջեւ դրուած մարտահրաւէրները դիմագրաւելու, որմէ ետք կարելի կ՛ըլլայ քննարկել կառավարութեան անդամներու կարողականութիւնը, հմտութիւնը եւ անոնց համապատասխան  կարողութիւնները: Մինասեան նշեց, որ ներկայիս իրավիճակը կը պահանջէ անձին աւելի կարեւորութիւն ընծայել, քան թէ ծրագիրներուն:

«Ասիկա ես ճիշդ մօտեցում չեմ նկատեր, եթէ ծրագիրը իրատեսական ըլլայ, նպատակային, թիրախային, անկէ ետք արդէն պիտի բխի գնահատականը` արդեօք անձը ունա՞կ է, ի վիճակի է ծրագիր իրականացնելու, եւ անկէ ետք կրնանք խօսիլ կազմի վստահութեան մասին», նշեց Մինասեան:

«Եթէ մենք կը խօսինք սակաւապետութեան դէմ պայքարի մասին, եւ եթէ նոյն կառավարութեան այն անդամները, որոնք լայնածաւալ առեւտրական աշխատանքներու մէջ մասնակցութիւն ունին, սկսին իրենցմէ, կը նշանակէ, վստահութիւն ալ կը ձեւաւորուի, ու ծրագիրն ալ կեանքի կը կոչուի: Եթէ անոնք ըլլան զուտ խօսքեր, բնականաբար վստահութիւն ալ պիտի չըլլայ», ընդգծեց Արծուիկ Մինասեան:

 

Share this Article
CATEGORIES