«Ուորլիքի Առաջարկած Ծրագիրը Ո՛չ Բարոյապէս Ընդունելի Է, Ո՛չ Ալ Գործնականօրէն Կայուն» Կ՛ըսէ Արամ Համբարեան

Արամ Համբարեան

Արամ Համբարեան

Ճէյմս Ուորլիքի յայտարարութիւնը գրեթէ ոչ մէկ նոր լուծում կ՛առաջարկէ: Առաջարկուող ծրագիրը ո՛չ բարոյապէս ընդունելի է, ո՛չ գործնականօրէն կայուն: Այս մասին յայտնեց Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան` պատասխանելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիքի` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման շուրջ Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութեան մասին` «Լեռնային Ղարաբաղ. լուծման ուղիներ» վերնագիրով յայտարարութեան:

Արամ Համբարեան ընդգծեց, որ «հակառակ անոր որ մենք կ՛ողջունենք ցուցաբերուած ուշադրութիւնը կարգավիճակի հարցին գծով` հիմնարար մակարդակին վրայ, այս ծրագիրը համահունչ չէ ժողովրդավարական ինքնորոշման ամերիկեան իտէալին, յարատեւ սկզբունք մը, որուն վրայ հիմնուած է մեր երկիրը եւ որուն վրայ անցեալ յիսնամեակին ստեղծուած են աւելի քան հարիւր պետութիւններ»: Համբարեան յայտնեց, որ օգտագործելով խորապէս հրահրող եւ յստակօրէն ոչ ճիշդ «բռնագրաւում» եզրը` առաջարկուած ծրագիրը կրկին կոչ կ՛ուղղէ Լեռնային Ղարաբաղին եւ Հայաստանին` Պաքուի յարձակողական պատերազմի զոհերուն, ռազմավարական ապահովութեան ուղղակի զիջումներ կատարելու` խիստ ռազմատենչ Ազրպէյճանի դիւրութեամբ փոխուող խոստումներուն իբրեւ պատասխան:

Համբարեան յոյս յայտնեց, որ ԵԱՀԿ-ի միջնորդութեամբ վերջնական արդիւնքին մէջ խաղաղութիւն պիտի հաստատուի` նշելով, որ հիասթափուած են տուեալ առաջարկին մէջ ներկայացուած կարգավիճակի եւ ապահովութեան անհամաչափութեամբ:

ԵԱՀԿ-ի օրակարգի առաջնահերթ հարցերէն մէկը պէտք է ըլլայ, ի հարկէ, Պաքուի արգելքի հարցը` Լեռնային Ղարաբաղի ամբողջական եւ անմիջական մասնակցութեան խաղաղ բանակցութիւններուն:

 

Share this Article
CATEGORIES