«Ազրպէյճանի Տարածքային Ամբողջականութիւնը Բանակցութիւններու Առարկայ Չէ» Կ՛ըսէ Մամետեարով

Էլմար Մամետեարով
ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով` մեկնաբանելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյս Ուորլիքի` 7 մայիսին կատարած յայտարարութիւնը, ըսած է. «Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը բանակցութիւններու առարկայ չէ, եւ եթէ նախ եւ առաջ, Հայաստանի զինեալ ուժերու զօրքերը դուրս բերուին Ազրպէյճանի գրաւեալ տարածքներէն, բոլոր խնդիրները պիտի լուծուին»:
Ըստ Մամետեարովի, Ուորլիքի վեց դրոյթները նոր չեն եւ նախապէս հնչած են: Ան նշած է, որ ազրպէյճանական կողմը իր համաձայնութիւնը յայտնած է սկսելու ղարաբաղեան տագնապի լուծման խաղաղ համաձայնագիրի նախապատրաստական աշխատանքներուն:
«Գոյութիւն ունեցող սթաթիւս քոն անընդունելի է: Մենք հայկական կողմին կոչ կ՛ուղղենք հարցը միասնաբար լուծելու», ըսած է Մամետեարով:
Ըստ անոր, տագնապի կողմերուն միջեւ վստահութիւն չկայ, եւ հարկադիր տեղահանուածներու անվտանգութիւնը ապահովելու համար անհրաժեշտ է խաղաղարարներու տեղակայում: «Եթէ մենք քաղաքական տեսանկիւնէն համաձայնութեան հասնինք, ապա պիտի կարենանք այդ հարցը լուծել», ըսած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը:

