«Ուորլիք Ընդգծած Է Ղարաբաղեան Տագնապի Հարցին Մէջ Միացեալ Նահանգներու Տեսակէտը» Կ՛ըսէ Փսաքի

Ճեն Փսաքի

Ճեն Փսաքի

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճեն Փսաքի իր ամէնօրեայ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներ հաւատարիմ կը մնան ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի բանակցային հոլովոյթին եւ պիտի շարունակեն իրենց գործունէութիւնը իբրեւ համանախագահ երկիր:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք կապ կա՞յ Ուքրանիոյ իրադարձութիւններուն եւ ղարաբաղեան տագնապին միջեւ, Փսաքի նշած է, որ ինք տեղեակ չէ երկուքին միջեւ գոյութիւն ունեցող որեւէ կապի մասին: «Մենք հաւատարիմ ենք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի բանակցային հոլովոյթին: Իսկ Ուքրանիոյ վերաբերեալ մեր ջանքերուն մասին դուք գիտէք», ըսած է ան:

Մեկնաբանելով ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիքի զեկուցումը` Փսաքի նշած է, որ համանախագահի ելոյթը կ՛արտայայտէ Միացեալ Նահանգներու քաղաքական տեսակէտը: «Ամերիկացի համանախագահը խօսած է հիմնական սկզբունքներու մասին, որոնք ուղղուած են տագնապի խաղաղ լուծման», ըսած է Փսաքի:

Արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը նշած է, որ Ուորլիք ոչ մէկ նորութիւն ըսած է, այլ անգամ մը եւս ընդգծած է Միացեալ Նահանգներու դիրքորոշումն ու հաւատարմութիւնը այդ հոլովոյթին:

Share this Article
CATEGORIES