«Արցախը Չի Կրնար Տարածքային Փոխզիջման Տարբերակը Ընդունելի Նկատել» Կ՛ըսէ Դաւիթ Իշխանեան

Դաւիթ Իշխանեան

Դաւիթ Իշխանեան

ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան անընդունելի եւ մտահոգիչ նկատեց Միջազգային խաղաղութեան Քառնեկի հիմնադրամի կեդրոնատեղիին մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիքի ելոյթը:

Ըստ Դաւիթ Իշխանեանի, հակառակ այն հանգամանքին, որ ելոյթին մէջ չէ նշուած «Մատրիտեան սկզբունքներ» բառակապակցութիւնը, սակայն ատիկա բաց ենթահողով ներկայացուեցաւ հանրութեան, ամբողջ ելոյթին առանցքը կազմուած էր «Մատրիտեան սկզբունքներ»-ու հիման վրայ: «Դաշնակցութիւնը բազմիցս յայտարարած է, որ «Մատրիտեան սկզբունքներ»-ուն շուրջ կառուցուող բանակցային հոլովոյթը մեզի համար անընդունելի է, եւ որեւէ քայլ, որ կրնայ վնասել Ղարաբաղի ապագային, անմիջականօրէն պիտի ստանայ իրեն համարժէք պատասխանը», ըսաւ Իշխանեան:

ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը նշեց, որ բազմիցս Արցախի իշխանութիւններուն կողմէ շատ կարծր դիրքորոշումներ արտայայտուած են «Մատրիտեան սկզբունքներ»-ուն վերաբերեալ, եւ այսօր ալ լիայոյս է, որ Արցախի իշխանութիւնները իրենց տեսակէտը ոչ միայն չեն փոխեր, այլեւ կարծր կերպով կ՛արձագանգեն Ուորլիքի այս ելոյթին, որ, ինչպէս ան կը ներկայացնէ, ամերիկեան կողմի յստակ դիրքորոշումն ու քաղաքական գիծն է:

Իշխանեան ընդգծեց, որ այս քաղաքական գիծը չի տարբերիր միւս երկու` ԵԱՀԿ-ի մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներու քաղաքական գիծէն: Անոր համոզումով` ասիկա նաեւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ քայլ մըն է` աշխարհաքաղաքական ներկայ զարգացումներուն ընթացքին բանակցային հոլովոյթի իր դերակատարութիւնը ցոյց տալու, յառաջատար դեր ստանձնելու համար:

Ինչ կը վերաբերի փոխզիջումներուն, ապա Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան յայտնեց, որ Արցախի կողմէ փոխզիջումնային տարբերակը արդէն իսկ 20 տարի առաջ զինադադարի տեսքով եղած է, եւ բոլորն ալ, որոնց շարքին` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը, շատ լաւ կը գիտակցին այդ փաստին: «Փոխզիջումի այն տարբերակները, որոնք պարոն Ուորլիքը կը փորձէ մատուցել, մեզի համար անընդունելի են, եւ ոչ միայն անընդունելի են, այլեւ մենք, հաստատակամ եւ հաւատարիմ ըլլալով մեր որդեգրած սկզբունքներուն, պիտի պայքարինք այդ սկզբունքները արմատաւորելու հակառակ դաշտին մէջ: Եթէ համանախագահները կը փորձեն իրենց սկզբունքները արմատաւորել մեր դաշտին մէջ` ի դէմս համերաշխութեան կոչերու, խաղաղութեան մեծ համաձայնագիրներու, այս ամէնով մեր հանրութեան մէջ նոր սերմեր մտցնել կը  ցանկան, սակայն մենք արդէն իսկ ունինք մեր տեսակէտը եւ ատիկա պէտք է անոնց համար ընդունելի դարձնել»,  նշեց ան:

Իշխանեան համոզուած է, որ առանց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անմիջական մասնակցութեան անպտուղ կ՛ըլլայ որեւէ բանակցային հոլովոյթ: Բանակցութիւններու ընթացքին կարելի չէ անտեսել Արցախի ժողովուրդին տեսակէտը. Արցախը չի կրնար տարածքային փոխզիջման տարբերակը ընդունելի նկատել:

Share this Article
CATEGORIES