Լեռնային Ղարաբաղ. «Դէպի Անցեալ Վերադարձի Մասին Չի Կրնար Խօսք Ըլլալ»
«Ազրպէյճանական – ղարաբաղեան տագնապի լուծման հեռանկարներուն վերաբերեալ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դիրքորոշումը կը մնայ անփոփոխ», այսպէս արձագանգած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիքի վերջին յայտարարութիւններուն:
«Կարելի չէ նոյնիսկ խօսիլ դէպի անցեալ վերադարձի մասին: Լեռնային Ղարաբաղի ճակատագիրը որոշուած է անոր ժողովուրդին կողմէ 1991 թուականի անկախութեան հանրաքուէին ժամանակ` ազատ եւ իրաւական կամքի արտայայտութեան միջոցով: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնն ու անվտանգութիւնը բացառիկ արժէքներ են, որոնք ենթակայ չեն որեւէ սակարկութեան», ըսուած է Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած յայտարարութեան մէջ:
«Կը հաւատանք, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու միացեալ ջանքերը պէտք է կեդրոնացուին լուծման այնպիսի մեքանիզմներու մշակման վրայ, որոնք հաշուի առնելով առկայ իրողութիւնները, այնպիսի պայմաններ պիտի ապահովեն Խորհրդային Միութեան փլուզման եւ Ազրպէյճանի կողմէն սանձազերծուած պատերազմի իբրեւ արդիւնք ստեղծուած երկու անկախ պետութիւններու` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի խաղաղ գոյակցութեան համար», յայտարարած է Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

